Մուսուլէն փախստական 65 Հայ ընտանիքներ Կը Փափաքին Մշտական Հաստատուիլ Հայաստան

By Asbarez | Tuesday, 12 August 2014

 

 

«Արցախփրէս» լրատուական գործակալութիւնը կը յայտնէ, թէ Իրաքի Մուսուլ քաղաքէն 65 հայ ընտանիք պատրաստ է ներգաղթելու եւ հաստատուելու Հայաստան: Այս մասին «Արցախփրէս»ին տեղեկութիւններ փոխանցած է լրագրող Համօ Մոսկոֆեան Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի Էրպիլ քաղաքէն:

Յուլիսին Մուսուլի վրայ շղթայազերծուած իսլամ ծայրայեղական ահաբեկչական ISIS (Իսլամական պետութեան) խմբաւորման յարձակումի եւ դաժանութիւններու օրերուն, Մուսուլի հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, իրաքեան բանակի նախկին բժշկական սպայ, քաղաքի բռնագրաւումէն քանի մը ժամ առաջ 65 հայ ընտանիքները անվտանգ կը հեռացնէ Մուսուլէն եւ կը տեղաւորէ քրտական Էրպիլի, Տհոքի, Զախոյի, Աւզրուկի, Հաւրէզի հայկական եկեղեցիներուն մէջ:

Այժմ, տէր Առաքելի եւ մուսուլցի 65 գաղթական ընտանիքներուն փափաքն ու խնդրանքն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կազմակերպեն Մուսուլի տեղահանուած եւ գաղթական դարձած ընտանիքներու հայրենադարձութիւնը:

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement