Արցախը պատրաստ է շարունակելու ջանքերը՝ բանակցութիւնները յառաջ տանելու համար

By Asbarez | Wednesday, 13 August 2014

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կ՛ողջունէ Սոչիի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու միջեւ հանդիպման կայացումը՝ զայն գնահատելով որպէս դրական քայլ հակամարտութեան գօտիին մէջ իրավիճակի կայունացման համար:

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին համաձայն՝ մեկնաբանելով Սոչիի մէջ կայացած հանդիպումը, արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան ըսած է, որ Ռուսիոյ կողմի՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներէն մէկուն նախաձեռնութիւնը յստակ ազդանշան դարձաւ առ այն, որ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ միջոցներով կարգաւորումը այլընտրանք չունի եւ խաղաղարար ջանքերու խաթարման որեւէ փորձ անթոյլատրելի է:

«Կարեւոր է, որպէսզի տուեալ ազդանշանը հասնի Ադրբեջանի ղեկավարութեանը, որը դեռեւս հանդիպման նախօրէին սպառնում էր ռազմական գործողութիւնների վերսկսմամբ: Հաշուի առնելով ադրբեջանական կողմի հռետորաբանութեան մէջ առնուազն հանդիպման հրապարակային մասում ցուցաբերուած որոշակի փոփոխութիւնը, յուսով ենք, որ նման տրամադրուածութիւնը կը պահպանուի նաեւ Ադրբեջանի նախագահի Բաքու վերադառնալուց յետոյ», նշած է Կարէն Միրզոյեան:

Ան ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները՝ հաւատարիմ ըլլալով Ատրպէյճանի հետ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ միջոցներով կարգաւորման, պատրաստ են այսուհետեւ եւս իրենց կառուցողական ներդրումը ունենալ բանակցային գործընթացի շարունակման համար պայմաններու ապահովման եւ հակամարտութեան գօտիին մէջ կայունութեան ու կանխատեսելիութեան մակարդակի բարձրացման գործին մէջ:

 


comments

Advertisement