By Asbarez | Thursday, 14 August 2014
ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ «Թուիթըր» ընկերային ցանցի ղեկավարութիւնը արձագանգած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ռազմատենչ գրառումներուն ու կը քննէ Ալիեւի սպառնալիքները եւ այն հաւանականութիւնը, որ Ատրպէյճանի նախագահը խախտած է ցանցի կանոնները։
Ալիեւի գրառումները գլխաւորաբար հայերու դէմ ուղղուած էին։ Միայն Օգոստոս 7ին, գրառումները գերազանցած են քանի մը տասնեակը։ «Հայերը գրաւած են ատրպէյճանական հողատարածքները», «Հայերը պատասխան պիտի տան», «Ատրպէյճանցի զինուորներու մարտական ոգին բարձր է» եւ նմանատիպ քանի մը տասնեակ գրառումներով Ալիեւ փորձած էր շահիլ իր ժողովուրդի վստահութիւնն ու բարձրացնել զինուորներու մարտական ոգին։
Ատրպէյճանի նախագահին «Թուիթըր»ի նկատմամբ նորափթիթ սէրը ծաղրանքի առարկայ դարձաւ արեւմտեան բազմաթիւ առաջատար լրատուամիջոցներու մէջ, որոնք նաեւ Ալիեւը նկատեցին առաջին նախագահը, որ պատերազմ կը սպառնայ «Թուիթըր»ի միջոցաւ։
Միւս կողմէ, «Աքսար» կայանը հարցախոյզ մը կազմակերպած է Պաքուի երիտասարդութեան համար։ Հարցախոյզի մասնակիցներու մեծամասնութիւնը, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ ճամբով պէտք է լուծել Ղարաբաղի հարցը՝ դիտել կու տայ, որ կողմնակից է խաղաղ բանակցութիւններու տարբերակին։ Այն հարցումին, որ եթէ պատերազմ սկսի, կ՛ուզե՞ն բանակին միանալ՝ մասնակիցներու միայն 30 տոկոսը դրական պատասխան տուած է։ Երիտասարդ մը նոյնիսկ խոստովանած է, որ ամիս մը դիտաւորեալ կերպով հոգեբուժարանի մէջ դարմանուած է, որպէսզի ազատ արձակուի զինուորական ծառայութենէն։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ