ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան լիագումար նիստը

By Asbarez | Thursday, 14 August 2014

 

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը քառամեայ նստաշրջանի (2011-2015) իր երրորդ լիագումար նիստը գումարեց 3-5 Օգոստոս 2014ին, Երեւանի մէջ։
Կեդրոնական վարչութիւնը առաջին հերթին անդրադարձաւ երկրորդ լիագումարով տրուած որոշումներու գործադրութեան եւ հետապնդելի կարգ մը գործունէութիւններու։ Ապա, կարեւոր համարելով միութեան կազմակերպական գործընթացը՝ լսեց շրջաններու եւ մեկուսի շրջաններու մասին ամփոփ զեկոյց մը ու հիմնուելով կարգ մը շրջաններու դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ՝ յետ քննարկման կատարեց եզրայանգումներ՝ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին ապահովելու անոնց բարւոք լուծումը։

Կեդրոնական վարչութիւնը հանգամանօրէն անդրադարձաւ Համա-ՀՄԸՄական 9րդ մարզախաղերուն, որոնք երկրորդ անգամ ըլլալով կայացան Հայաստանի մէջ՝ 2013ին։ Քննարկելէ ետք Կեդրոնական մարզական յանձնախումբի տեղեկագիրը եւ նկատի ունենալով ձեռնարկին արձանագրած անդրադարձն ու յաջողութիւնները՝ վարչութիւնը որոշեց Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերը այսուհետեւ նախընտրաբար կազմակերպել Հայաստանի մէջ։

Կեդրոնական վարչութիւնը կարեւորութեամբ ընդգծեց Կեդրոնական սկաուտական յանձնախումբին իրականացուցած սկաուտական դաստիարակչական ծրագիրները, զորս կարելի եղած էր գործադրել խորհրդաժողովի միջոցով, ցամաքամասային դրութեամբ խմբապետներու վերաորակաւորման դասընթացքով եւ բարձրաստիճան խմբապետներու յատուկ «Արարատեան» կարգով։

Կեդրոնական վարչութիւնը կանգ առաւ նաեւ աշխատանքներուն վրայ Համա-ՀՄԸՄական 10րդ բանակումին, որ արդէն իսկ տեղի ունեցաւ 31 Յուլիս-9 Օգոստոս միջոցին, Բիւրականի մէջ. վարչութիւնը գնահատեց բանակատեղիի հողատարածքի ընդարձակումը եւ շինարարական աշխատանքները, որոնց մեծապէս սատար հանդիսացած էին հայրենի պետութիւնն ու «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամը։

Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց Միհրան Շիմշիրեանի անուան սկաուտական ֆոնտին գումարը յատկացնել սկաուտական կարգերու 7 գիրքերու՝ համացանցի վրայ տեղադրման ծրագիրին՝ զանոնք ելեկտրոնային տարբերակի վերածելէ ետք։

Կազմը այս քառամեակին եւս յառաջ մղեց մշակուած ռազմավարական ծրագիրի գործնականացման գործընթացը՝ առիթ ստեղծելով, որ շրջաններու մէջ կիրարկուի ըստ հնարաւորին հանգրուանային դրութիւն՝ միշտ յառաջընթաց զարգացում ապահովելով։

Կեդրոնական վարչութիւնը առաջադրեց նաեւ 11րդ Պատգամաւորական ժողովին ներկայացնել ռազմավարական ծրագիրի յանձնախումբի մշակած յաւելուած կանոնագիրը, որ առաւել եւս պիտի դիւրացնէ անոր գործադրութեան ուղեգիծը։

Կարեւորելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւնները՝ վարչութիւնը որոշեց ամէնուրեք խիտ շարքերով գործօն եւ աշխոյժ մասնակցութիւն բերել, ինչպէս նաեւ գաղութներու մէջ ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ կազմակերպել յաւուր պատշաճի ձեռնարկներ։

Նկատի ունենալով 2015ին կայանալիք Համահայկական մարզախաղերը, որոնք պիտի կատարուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Կեդրոնական վարչութիւնը շրջաններու բոլոր մարզախումբերուն պիտի թելադրէ առաւելագոյն թիւերով մասնակցիլ մարզախաղերուն։

Կեդրոնական վարչութիւնը, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի բովանդակութիւնն ու անոր կարեւորութիւնը գնահատելով՝ անդրադարձաւ նաեւ անոր դիմագրաւած նիւթական լուրջ դժուարութիւններուն եւ առաջադրեց քննական յատուկ թղթածրարով մը ներկայանալ 11րդ Պատգամաւորական ժողովին։

Կեդրոնական վարչութիւնը, ի տես աշխարհատարած միութեան աշխատանքներուն՝ կը հաստատէ, որ անոնք վճռուած են յաջողութեամբ պսակուիլ՝ հակառակ ամէն տեսակ մարտահրաւէրներու, շնորհիւ միութեան ներշնչած ոգիին ու կամքին եւ անոր նուիրական նշանաբանին՝ «Բարձրացի՛ր-Բարձրացո՛ւր»ին։

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


comments