By Asbarez | Tuesday, 19 August 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի միջոցառումները պատրաստելու համար Հայաստանի կառավարութիւնը ֆինանսական ռեսուրս չի խնայի՝ իրականութիւնն ամբողջ աշխարհին աւելի ճոխ ներկայացնելու համար»: Ծաղկաձորի մէջ «Բազէ-2014» համահայկական երիտասարդական հաւաքի բացման արարողութեան ընթացքին այս մասին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան։
«Նախագահի կարգադրութեամբ ստեղծուած յանձնաժողով կայ, բազմաթիւ քայլեր կան, բազմաթիւ ծրագրեր կան, որոնք կառավարութեան վրայ մօտ 6 միլիարդ դրամից աւելի են նստելու: Փորձելու ենք ներգրաւել բարեգործական ծրագրեր, որպէսզի ամբողջը չմնայ մեր պետական բիւջէի վրայ», նշած է վարչապետը:
Ըստ անոր՝ բազմաթիւ միջազգային կառոյցներ, օտար պատգամաւորներ չեն գիտեր, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ տեղի ունեցած է 100 տարի առաջ, այդ պատճառով կառավարութիւնը պէտք է փորձէ 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները լաւագոյն ձեւով ներկայացնել:
«Դա պէտք է մեզ համար նաեւ փորձութիւն լինի, մարդիկ պէտք է իրօք ականատես լինեն այն պատմութեանը, որ եղել է 100 տարի առաջ: Բազմաթիւ միջազգային կառոյցներ իրական պատկերին ծանօթ չեն, ինչպէս նաեւ մեր Արցախ-Ադրբեջան հակամարտութեան մասով: Մենք պէտք է ամէն ինչ անենք, որ աւելի շատ հիւրեր գան Հայաստան, իրականութեանը քաջատեղեակ լինեն։ Ռեսուրս չենք խնայելու, որպէսզի աւելի ճոխ ներկայացնենք իրականութիւնը ամբողջ աշխարհին», ըսած է վարչապետը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ