Սփիւռքի նախարարը ընդունեց Քեսապահայ Միութեան անդամները

By Asbarez | Thursday, 21 August 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.– 21 Օգոստոսին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Քեսապ հայրենակցական միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Գեղամ Սարմազեանը, համահիմնադիր Ռոպերթ Գազազեանը եւ քեսապահայ մտաւորական, լեզուաբան Յակոբ Չոլաքեանը:


Սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց քեսապահայերու հարցերով զբաղող նորաստեղծ միութեան աշխատանքը, քեսապահայերը հաւաքագրելու եւ անոնց օժանդակելու առնչուող ազգանուէր գործունէութիւնը: Կազմակերպութեան նպատակն է համախմբել հայաստանաբնակ եւ սփիւռքահայ քեսապահայերը, աջակցիլ անոնց նիւթական եւ ֆինանսական վիճակի բարելաւման:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան քեսապահայերու կեցութեան, առողջապահական, կրթական, իրաւական եւ այլ հարցեր:

Քեսապ հայրենակցական միաւորումը՝ համագործակցելով սփիւռքի նախարարութեան հետ, 5ամսեայ գործունէութեան ընթացքին հոգեբարոյական, խորհրդատուական եւ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած է Քեսապէն Հայաստան տեղափոխուած ընտանիքներուն: Միաւորումը մնայուն կերպով կը հետեւի քեսապահայ ընտանիքներու կարիքներուն եւ կ՛արձանագրէ անոնց տուեալները։

 


comments