By Asbarez | Friday, 22 August 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 22 Օգոստոսին այցելած է ՀՄԸՄի Բիւրականի բանակավայր, ուր 18 Օգոստոսէն կայացող ՀՄԸՄ–ՀԱՍԿի համահայաստանեան բանակումին կը մասնակցին 12-17 տարեկան աւելի քան 300 սկաուտներ, ինչպէս նաեւ արդէն երկրորդ տարին ըլլալով «Խաղաղութեան սուրհանդակներ» նախագիծին մէջ ներառուած Հայաստանի տարբեր մարզերու ընկերային խնամքի տակ եղող հաստատութիւններու երեխաներ:
Նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան համաձայն՝ Սերժ Սարգսեան ողջունած է բանակումին մասնակցող սկաուտները, շրջագայած է բանակավայրին մէջ, ծանօթացած պայմաններուն եւ սկաուտներու առօրեային:
Հայաստանի կառավարութեան որոշումով՝ «Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան 2011ին անհատոյց (մշտական) օգտագործման իրաւունքով տրամադրուած մէկ հեկտար հողատարածքին վրայ ստեղծուած բանակավայրին համար կատարուած նուիրատուութեան շնորհիւ, ըստ պատասխանատուներուն, կարելի եղաւ այս տարուան բանակումին աւելի մեծ թիւով սկաուտներ հիւրընկալել: Այս տարուան 29 Մարտին բանակավայրին մէջ Հայաստանի նախագահին հովանիին տակ եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամին աջակցութեամբ մեկնարկած շինարարական աշխատանքները աւարտած են 29 Յուլիսին:
Այցելութեան ծիրին մէջ նախագահը բացումը կատարած է բանակավայրի նոր տարածքի գործունէութիւնը ազդարարող ցուցատախտակին: Կառուցապատուած տարածքը այժմ կրնայ ընդունիլ շուրջ 400 մասնակից:
Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութեան պատասխանատու անդամ Հրաչեայ Շմաւոնեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ 2011ին կառավարութեան որոշմամբ՝ Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութեան յատկացուած է մէկ հեկտար յաւելեալ տարածք, որ նախատեսուած էր բանակավայրի կառուցման համար: «Քանի որ իւրաքանչիւր 4 տարին մէկ անգամ տեղի են ունենում Համա-ՀՄԸՄական բանակումներ, այս տարի ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ աննախադէպ մեծ թուով մասնակիցներով բանակում եղաւ, որին մասնակցում էր 800 սկաուտ աշխարհի 18 երկրից: Այս բանակավայրը կառուցելով՝ մենք կարողացանք այդ պայմանները ստեղծել: Այն կառուցուած է 400 հոգու համար, իսկ առաջին հատուածը նախատեսուած է մօտ 600 հոգու համար: Այսինքն, մենք այսուհետ կը կարողանանք ընդունել 1000 սկաուտի: Սա մեզ համար շատ ուրախալի փաստ է, որովհետեւ վերջապէս մենք կարողացանք մեր պայմանները բարելաւել», նշած է Շմաւոնեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ ծրագիրի հովանաւորներն են Հայաստանի նախագահը եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամը, որոնց յատկացումներուն շնորհիւ կարելի եղած է կառուցել բանակավայրը: «Պէտք է ասեմ, որ այս բանակավայրում առօրեայ կարիքների համար բոլոր յարմարութիւնները ստեղծուած են», նշած է Շմաւոնեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ