ՀՕՄի 100ամեայ Գործունէութեան Նուիրուած Յուշարձան Երեւանի Մէջ

By Asbarez | Monday, 03 October 2011

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 6 Հոկտեմբերի կէսօրին ժամը 12ին, Երեւանի Կոմիտասի անուան այգիին մէջ (Արշակունեաց պողոտայ), ուր իրենց վերջին հանգրուանը գտած են հայ մշակոյթի, գրականութեան եւ արուեստի մեծանուն ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ Կոմիտաս, Արամ Խաչատրեան, Աւետիք Իսահակեան, Յովհաննէս Շիրազ, Ուիլեըմ Սարոյեան եւ այլն, բացումը պիտի կատարուի ՀՕՄի 100ամեայ գործունէութեան նուիրուած «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» յուշարձանին:

Յուշարձանի հեղինակն է քանդակագործ Գէորգ Գէորգեան, իսկ հովանաւորներն են ամերիկահայ բարերարներ տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Շաքէ Պասմաճեաններ:

comments

Advertisement