Կառավարութիւնը 110 միլիոն Դրամ պիտի յատկացնէ երկու ժապաւէններու համար

By Asbarez | Friday, 29 August 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի կառավարութիւնը իր պահեստային հիմնադրամէն մշակոյթի նախարարութեան պիտի յատկացնէ 110 միլիոն դրամ՝ երկար խաղարկային շարժապատկերի ժապաւէններու պատրաստութեան համար: Նման որոշում տրուած է 28 Օգոստոսի կառավարութեան նիստին:


Ժապաւէններէն մէկը կը կոչուի «Վարդապետի Լռութիւնը» եւ նուիրուած է Կոմիտասի գործունէութեան, իսկ երկրորդը ժապաւէնը՝ «Քարվաճառ» անունով, պիտի պատրաստուի իրանական ստեղծագործական խումբի կողմէ:

Մշակոյթի փոխնախարար Արթուր Պօղոսեանի խօսքով՝ ժապաւէնը որոշ չափով ունի քաղաքական նշանակութիւն եւ կը վերաբերի Արցախի ժողովուրդի կենսակերպին:


comments