Սերժ Սարգսեան Եւ Բակօ Սահակեան Յարգած Են Արցախի Անկախութեան Համար Զոհուածներու Յիշատակը
By Asbarez | Wednesday, 03 September 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նի-ուզ».– Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 23րդ տարեդարձին առիթով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ 2 Սեպտեմբերին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանը, ինչպէս նաեւ հայաստանեան եւ արցախեան պատուիրակութիւններ, արցախահայութիւնն ու արտերկրէն ժամանած հիւրեր Վերածնունդի հրապարակէն հանդիսաւոր քայլերթով այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր:
Սերժ Սարգսեան յարգանքի տուրք մատուցած է Արցախի անկախութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին, ծաղիկներ զետեղած է Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի եւ արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն վրայ:
Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենան շարք մը ձեռնարկներ։ «Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան պուրակում տեղի կ՛ունենայ արցախեան գորգերի ցուցադրութիւն: Այցելուին ներկայացնելու ենք ինչպէս Երկրաբանական թանգարանի հին, այնպէս էլ «Ղարաբաղ Կարպետ»ի ստեղծած նոր գորգերը», «Արմէնփրէս»ին յայտնած են մշակոյթի նախարարութենէն՝ աւելցնելով, որ քաղաքի տարբեր անկիւններուն մէջ տեղի պիտի ունենան տօնական հանդիսութիւններ, բացօթեայ համերգներ, պարախմբային ելոյթներ։
Հանդիսութիւնները կ՛աւարտին տօնական համերգով, որուն կը մասնակցին Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն երգիչներ։
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեան յայտնած է, որ Սեպտեմբեր 2ով հայոց պետականութեան պատմութեան մէջ նոր էջ բացուեցաւ եւ կերտուեցաւ հայկական երկրորդ հանրապետութիւնը: «Մենք պէտք է Արցախի անկախութիւնը դիտարկենք որպէս հայոց պետականութեան անբաժան մի մաս, ոչ թէ անջատենք Արցախն ու հայոց պատմութիւնը: Սա մեր ընդհանուր պատմութեան մի կարեւոր էջն է», նշած է ան:
Նշենք, որ Ստեփանակերտի մէջ կայացած հանդիսութիւններուն մասնակցած են Լիթուանիոյ խորհրդարանի Լիթուանիա–Արցախ բարեկամական խումբի անդամ պատգամաւորները։