Տաւութօղլու. Հայ-Թուրք Կապերը Պիտի Նպաստէ Արցախի Տագնապին

By Asbarez | Wednesday, 23 September 2009

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>.- Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան ամենաառաջնահերթ ուղղութիւնն է, եւ անհնար է, որ Թուրքիոյ որեւէ քայլ հակասէ Ատրպէյճանի շահերուն, ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու, <> կայանին հետ Սեպտեմբեր 19ին սփռուած հարցազրոյցին ընթացքին:

Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի հետ սահմանը շուտով բացուի: <<Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւումը կը հակասէ միջազգային սկզբունքներուն: Հարկաւոր է այս կապակցութեամբ քայլի մը նախաձեռնել: Այդ հակամարտութեան կարգաւորումը արագացնելու նպատակով, Թուրքիան նախաձեռնութեան մը դիմած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ: Բոլոր կողմերը, ներառեալ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը, աշխուժօրէն կ՛աշխատին. եթէ կարենանք համատեղել մեր ջանքերը, ապա պիտի բացուին ոչ միայն հայ-թրքական, այլեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանները>>, ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Անոր համաձայն, Կովկասի մէջ պահպանուող ներկայ իրավիճակը տարածաշրջանի երկիրներէն ոչ մէկուն ձեռնտու է: <<Տուեալ իրավիճակին մէջ Կովկասի իրադրութիւնը դէպի լաւ փոխող նոր խաղացողի անհրաժեշտութիւնը կայ: Մինսկի խումբը 17 տարիներու ընթացքին չէ յաջողած այս առաքելութեան մէջ>>, նշած է Տաւութօղլու:

comments