By Asbarez | Wednesday, 03 September 2014
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 23րդ ամեակին առիթով «Ապառաժ» զրոյց ունեցած է ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանի հետ, որ խօսած է այս թուականին եւ Արցախի անկախացման կարեւորութեան մասին՝ շեշտը դնելով վերջին զարգացումներուն առթած լաւատեսութեան վրայ։ Ըստ անոր՝ վերջին տասնամեակներու յիշարժան երեք թուականներ կան՝ Արցախի անկախութեան հռչակման օրը, Շուշիի ազատագրման օրը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օր. «Շատ կարեւոր է, որ Արցախի ժողովուրդը 23 տարի առաջ ճիշդ պահին կարողացաւ հռչակել իր անկախութիւնը: Սա ի հարկէ գործընթաց է եւ մենք դեռեւս չենք կարողանում այս անկախութիւնը վերջնականապէս միջազգայնօրէն ամրագրել, բայց այն ինչին այսօր հասել ենք Արցախն ազատագրելու առումով սա հսկայական առաջընթաց է եւ պատմական նշանակութիւն ունի։ Արցախի անկախութեան հռչակման օրուայ կապակցութեամբ շնորհաւորելով մեր ամբողջ ժողովրդին ի սփիւռս աշխարհի, ի Հայաստանի եւ ի Արցախ պէտք է ապրենք այն վստահութեամբ, որ գալու է այն օրը, որ այս ամէն ինչը վերջնական ձեւակերպում է ստանալու նաեւ միջազգայնօրէն»:
«Աշխարհում այսօր իրավիճակն այնպիսին է, որ պէտք է միշտ աւելին անել: Ես խորապէս վստահ եմ, որ եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը եւ Արցախի արտաքին գործերի նախարարութիւնն կարող են եւ պարտաւոր են աւելին անել: Սակայն ակնկալել, որ աշխարհի տարբեր պետութիւններ շատ արագ կը ճանաչեն Արցախի անկախութիւնը, քիչ յուսալի է, բայց քայլ առ քայլ գործընթացն առաջ է շարժւում եւ բոլորովին վերջերս Կալիֆորնիայի սենատը ճանաչեց Արցախի անկախութիւնը: Կարծում եմ ճանապարհը ճիշդ է ընտրուած: Պարզապէս պէտք է ջանքերը լարել եւ աւելին անել: Ի վերջոյ մենք հասնելու ենք մեր նպատակին», դիտել տուած է ան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ