5րդ նստաշրջանի ամէնէն աշխոյժ պատգամաւորը Արծուիկ Մինասեանն է

By Asbarez | Friday, 05 September 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերի օրէնսդրական գործունէութեան մոնիթորինգ» ծրագիրի ղեկավար Լուսինէ Վասիլեան՝ ներկայացնելով խորհրդարանի 5րդ նստաշրջանի դիտարկման արդիւնքները՝ դիտել տուած է, որ խորհրդարանին մէջ բարձրացուցած հարցերու եւ ելոյթներու յաճախականութեան առումով առաջատարն է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը՝ իր 70 անդամներով, 225 հարց եւ ելոյթ:


Անդրադառնալով խորհրդարանական խմբակցութիւններու եւ պատգամաւորներու աշխուժութեան ցուցանիշներուն՝ ան նշած է, որ տուեալները գրեթէ միեւնոյնն են, ինչպէս նախորդ նստաշրջաններուն։ «Ըստ հարցերի եւ ելոյթների վիճակագրութեան՝ խորհրդարանում առաջատարը ՀՀԿ խմբակցութիւնն է՝ 70 անդամով. 225 հարց եւ ելոյթ: ՀՀԿի դէպքում աշխուժութեան գործակիցը կազմում է 3 տոկոս: Իսկ փոքր խմբակցութիւնների դէպքում, օրինակ՝ ՀԱԿի, երբ հարցերի եւ ելոյթների ընդհանուր քանակը 150 է, իսկ խմբակցութեան անդամների թիւը՝ 7, ակտիւութեան գործակիցը կազմում է 20 տոկոս», ընդգծած է Լուսինէ Վասիլեան:

Զուգադրելով հարցումներու եւ ելոյթներու քանակը խմբակցութիւններու անդամներու թիւին՝ ան աւելցուցած է, որ խորհրդարանին մէջ ամէնէն աշխոյժը ՀԱԿն է, իսկ ամէնէն կրաւորականը՝ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը:


comments