By Asbarez | Thursday, 11 September 2014
ԵՐԵՒԱՆ.– 8 Սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան անդրադարձած է սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ Դաշնակցութեան դիրքորոշման՝ հիմնաւորելով խորհրդարանական կառավարման համակարգին կողմնակից ըլլալու յայտարարութիւնները։
Ըստ անոր՝ խորհրդարանական կառավարման համակարգին միջոցով կարելի պիտի ըլլայ ազատիլ կեդրոնացեալ համակարգէն, որովհետեւ ընդդիմութեան համար աւելի դժուար է պայքարիլ կեդրոնացեալ, քան ապակեդրոն եւ հաւասարակշռուած համակարգի դէմ: «Այնպէս որ բոլոր առումներով թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տակտիկական առումներով, մեր մօտեցումն է՝ անցնել խորհրդարանական համակարգի, այն վաղուց հասունացած է եւ անհրաժեշտութիւն է», դիտել տուած է Արմէն Ռուստամեան:
Ան դիտել տուած է, որ խորհրդարանական կառավարման համակարգը թոյլ չի տար կայացնելու փակ, գաղտնի որոշումներ, անոնք պիտի ըլլան հրապարակային եւ հաւասարակշռուած: Այն դիտարկման, թէ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի նախագահի մօտեցումները կը համընկնին՝ Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ երբ երկրին մէջ կարելի է բան մը ընել, միշտ ալ նպաստաւոր դաշտ կրնայ յառաջանալ ոչ միայն ընդդիմութեան, այլ նաեւ իշխանութեան մէջ եւս: «Պատահական չեմ համարում, որ նախագահներն իրենց պաշտօնավարման վերջին ժամկէտում են համաձայնւում նման փոփոխութիւններ իրականացնել: Բոլորդ էլ նկատել էք, որ ովքեր համակարգի ներսում են, դժգոհում են այդ համակարգից, երբ յայտնւում են այդ համակարգի հարուածների ներքոյ: Բոլոր նախագահներն էլ դժգոհում են համակարգից, այդ ի՞նչպէս է լինում, որ առաջին նախագահը դժգոհ է լինում երկրորդից ու երրորդից, երկրորդ նախագահը դժգոհ է լինում առաջինից ու երրորդից», հարցուցած է Ա. Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ քաղաքական հասունութիւնը կը պահանջէ երկիրը տանիլ այն ուղղութեամբ, որմէ պիտի շահի ժողովուրդը, ոչ թէ վախնալ պայքարէն ու յայտնուիլ անտրամաբանական իրավիճակի մէջ:
Արմէն Ռուստամեան դիտել տուած է, որ եթէ քառեակը յայտարարէ, որ Դաշնակցութեան սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ դիրքորոշումը ընդունելի է, սակայն սահմանադրական փոփոխութիւնները պէտք է աւելի ուշ կատարել, ապա միանգամայն այլ իրավիճակ կը յառաջանայ, սակայն քառեակը նման բան չի յայտարարեր: «Մենք ասում ենք՝ եկէք նախագահական աթոռից հրաժարուենք հիմա՝ անելով այդ փոփոխութիւնները, սակայն նրանք ասում են, եկէք այդ փոփոխութիւնները իրականացնենք նախագահական ընտրութիւններից յետոյ, ինչը նշանակում է՝ թողէք մի քիչ մենք նստենք այդ աթոռին, յետոյ կ՛անենք սահմանադրական փոփոխութիւնները», յայտարարած է Արմէն Ռուստամեան:
Ան շեշտած է, որ քառեակի երեք ուժերու մօտեցումներուն մէջ չի տեսներ որեւէ դիտաւորութիւն, պարզապէս քաղաքական հասունութիւնը կը պահանջէ կայացնել այլ որոշում՝ սահմանադրական փոփոխութիւններուն առնչուած։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ