«Պէտք է միասնական ըլլալ». Մանոյեան

By Asbarez | Monday, 15 September 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Մօտ օրէն կը հրապարակուի Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման ուսումնասիրութեան խումբի ուսումնասիրութիւնը, որ քննարկումի առանցքային նիւթ պիտի ըլլայ, որովհետեւ անհրաժեշտ է, որ մենք համախոհութիւն ունենանք, թէ ի՛նչ կը պահանջենք եւ ինչպէ՛ս պիտի պահանջենք:

Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման պետական յանձնաժողովի՝ 2015ի Յունուարին տեղի ունենալիք նիստին ընթացքին պիտի ընդունուի միասնական հռչակագիր, որուն մէջ նաեւ պահանջները պիտի ներկայացնենք:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պահանջատիրութիւնը պէտք է ներկայացնեն անհատնե՞րը, թէ Հայաստանը՝ իբրեւ պետութիւն, Կիրօ Մանոյեան ըսաւ. «Այդ հարցը այդքան պարզ չէ, բաւական ծաւալուն թղթածրար պատրաստուած է, որուն մէջ ամէն ինչին անդրադարձ կայ՝ անհատական եւ հաւաքական վնասի հատուցումէն մինչեւ պետութեան ունեցուածքի եւ դերակատարութեան խնդիրը»:

Ինչ կը վերաբերի անոր, թէ Դաշնակցութեան համար յստա՞կ է ի՛նչ եւ ինչպէ՛ս պահանջելու հարցը, Կիրօ Մանոյեան ըսաւ. «Մեր մօտեցումները պարզ են, թէ ի՛նչ կ՛ուզենք, ինչպէ՛ս եւ ո՛վ, անոր վերաբերեալ աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ համազգային համախոհութիւն գոյանայ եւ ոչ թէ մէկ կառոյց կամ կազմակերպութիւն իր կարծիքը արտայայտէ: Թէ ի՞նչ պէտք է պահանջուի, Դաշնակցութեան համար աւելի քան 90 տարիէ ի վեր յստակ է: Մեզի համար հիմնականը տարածքներն են, սակայն ոչ միայն այդ: Կը կարծեմ՝ Դաշնակցութեան համար կարեւորը այն ազգային համախոհութիւնն է, որ պէտք է ձեւաւորուի, քան թէ իւրաքանչիւրը առանձնաբար մօտեցումներ ցուցաբերէ»:

Կիրօ Մանոյեան կը կարծէ, որ ինչպէս Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով բոլոր տարակարծութիւնները մէկ կողմ դրուեցան եւ միաձայնութեան հասանք, նոյնն ալ պահանջատիրութեան հարցով պիտի ըլլայ: «Ցեղասպանութեան ճանաչման փորձը, Ղարաբաղի ազատամարտը բաւական հիմք են ըսելու, որ մենք այդ հարցով կրնանք միասնական ըլլալ», ըսաւ Մանոյեան:

 


comments