Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ օծուեցաւ Բերդի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցին

By Asbarez | Tuesday, 16 September 2014

 

ԲԵՐԴ.- Սեպտեմբեր 14ին, Խաչվերացի տօնին, Գարեգին Բ. կաթողիկոս Տաւուշի թեմին մէջ հանդիսապետեց Բերդ քաղաքի նորակառոյց Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ օծման արարողութեան: Տարածաշրջանի բնակչութեան համար այս պատմական առիթով Բերդ քաղաք ժամանած էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:


Ս. Յովհաննէս եկեղեցին, որուն հիմնարկէքը կատարուած էր 2012ի Մայիս 20ին, կառուցուած է բարերարութեամբ լուսահոգի Ճան Սթիւընզի (Ֆրեզնոյէն): Եկեղեցւոյ ճարտարապետն է Արտակ Ղուլեան, իսկ շինարարութիւնը իրականացուցած է «Այգեձոր» ընկերութիւնը:

Կաթողիկոսը եւ նախագահը դիմաւորուեցան Տաւուշի թեմի առաջնորդ Եզնիկ արք. Պետրոսեանի, Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեանի, Բերդի քաղաքապետ Յարութիւն Մանուչարեանի, Բերդի տարածաշրջանի հոգեւոր հովիւ Արամ քհնյ. Միրզոյեանի, նաեւ մարզային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Նորակառոյց եկեղեցւոյ առջեւ, կաթողիկոսը եւ նախագահը մեծ խանդավառութեամբ ու պատիւով ողջունեց Բերդի բնակիչներու բազմութիւնը: Աղ ու հացի աւանդական արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ զանգերու աւետաբեր ղօղանջներուն ներքոյ, կաթողիկոսն ու նախագահը թափօրով առաջնորդուեցան եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ օծման կարգը:

Այնուհետեւ, կաթողիկոսի օրհնութեամբ, նորակառոյց եկեղեցին կոչուեցաւ Ս. Յովհաննէս առաքեալին անունով:

Յաւարտ եկեղեցւոյ օծման, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ թեմակալ առաջնորդ Եզնիկ արքեպիսկոպոսը՝ ըսելով. «Հայրենիքի սահմանների պահպանութիւնը նոյնպէս խաչի ճանապարհ է, յանձնառութիւն, որում դուք, սիրելիներ, չէք թերանում՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւնների»:

Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ մուտքին երեսուն զինուորներ, ի նշան խաղաղութեան՝ դէպի երկինք արձակեցին աղաւնիներ: Այնուհետեւ նորաօծ եկեղեցիին մէջ առաջին անգամ ըլլալով մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագիչն էր Տաճատ Ա. քհնյ. Դաւիթեան:

 


comments

Advertisement