By Asbarez | Friday, 19 September 2014
ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Հայաստան-Սփիւռք 5րդ համաժողովի ծիրին մէջ, Ազգային պատկերասրահին մէջ ամերիկահայ նկարիչ Դանիէլ Վարուժան-Հեճինեանի անհատական ցուցահանդէսի բացումէն անմիջապէս ետք, Համաժողովի պատուիրակութիւնը՝ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, ուղղուեցաւ դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ խոնարհելու եւ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:
Անոնք նախ ծաղիկներ զետեղե-ցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին դիմաց, ապա հոգեւոր դասի ներկայացուցիչները նահատակներուն համար հոգեհանգիստի արարողութեան կարգ կատարեցին:
Այնուհետեւ, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի «Յիշողութիւններու պուրակ»ին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդանշական ծառատունկ՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ Հայաստան-Սփիւռք 5րդ համաժողովին։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ