Գարեգին Բ. կ՛այցելէ Հնդկաստան, Սինկափուր եւ Մեանմար

By Asbarez | Tuesday, 23 September 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս 23 Սեպտեմբերին հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Ծայրագոյն Արեւելք։ Ան պիտի այցելէ Հնդկաստան, Սինկափուր ու Մեանմար։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգը:
Վեհափառին կ՛ընկերակցին Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց թեմի առաջնորդ, Հնդկաստանի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի հայրապետական պատուիրակ Հայկազուն եպիսկոպոս Նաճարեանը եւ այլ հոգեւորականներ:


comments