By Asbarez | Thursday, 25 September 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ՄԱԿի Գլխաւոր համաժողովի 69րդ նստաշրջանին նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան գնահատած է իբրեւ նախագահի «ամենայաջողուած ելոյթը՝ դիպուկ եւ ճիշտ շեշտադրումներով»:
Սերժ Սարգսեան, յիշեցնելով, որ Հայաստանի կողմէ ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւնները տարիներ շարունակ դարակներու մէջ կը սպասեն Թուրքիոյ խորհրդարանի վաւերացման՝ խիստ արտայայտութիւններ ունեցած էր Ղարաբաղի հարցը որպէս նախապայման առաջ քաշելու Անգարայի դիրքորոշման վերաբերեալ: Ան մէջբերած էր ժողովրդական խօսքը՝ «գրողի ծոցը վաւերացնէք» եւ յայտարարած, որ «այսօր պաշտօնական Երեւանը լրջօրէն քննարկում է հայ-թուրքական արձանագրութիւնները խորհրդարանից հետ կանչելու հարցը»:
Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Ազատութեան» թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին կարծիք յայտնեց, որ նախագահը վաղուց պէտք էր այդ քայլին դիմէր:
«Ես կարծում եմ, որ նախագահի ամենայաջողուած ելոյթն էր ՄԱԿում՝ շեշտադրումները շատ դիպուկ եւ ճիշդ էին: Հիմնական խնդիրները, որ այսօր իրականում Հայաստանի համար կարեւոր են, այդ հարցերից չխուսափուեց, եւ ամենայն անկեղծութեամբ ներկայացրեց այն բոլոր պրոբլեմները, որ գոյութիւն ունեն երկու հիմնական ուղղութիւններով՝ հայթուրքական յարաբերութիւններ, Ցեղասպանութեան խնդիր եւ Ղարաբաղի կարգաւորում, եւ որ շատ աւելի կարեւոր է, կարծում եմ, որ նաեւ խօսուեց այս արձանագրութիւնների ճակատագրի մասին»:
Ռուստամեան ընդգծեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի վերջին քայլերը եւ յայտարարութիւնները «ուղղակի տեղ չի թողնում նորմալ յարաբերութիւններ հաստատել այդ երկրի հետ»:
«Յստակ նշւում է, որ նա չի հրաժարւում իր հիմնական նախապայմանից. այն է՝ յանձնել Արցախը Ադրբեջանին: Դիպուկ է նաեւ այն որոշումը, որ մենք բացարձակապէս էդպէս չպէտք է վարուենք այն ցանկութեամբ, որ անպայման էդ արձանագրութիւնները պէտք է վաւերացուեն. թող չվաւերացուեն, եւ պիտի Թուրքիան իմանայ, որ եթէ փակ պահի այդ սահմանները, դրանով Հայաստանին ծնկի չի կարող բերել», յայտնեց Ռուստամեան:
Հարցումին, թէ արդեօք հակասութիւն չկա՞յ Էրտողանին Հայաստան հրաւիրելու եւ ՄԱԿի ամպիոնէն նման շեշտադրումներ հնչեցնելու միջեւ, Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը պատասխանեց. «Չէ, ես կարծում եմ, որ Հայաստանը ցոյց է տալիս, որ ինքը հակուած է յարաբերութիւնները կարգաւորելու, բայց կարգաւորել առանց նախապայմանների, եւ, ի հարկ է, նաեւ պէտք է նշուի, որ դա մեծագոյն զիջում է, որ Հայաստանը նախապայման չի դնում Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, եւ սա առաւելագոյնն է, ինչ որ Հայաստանից կարելի է ակնկալել»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ