Հայաստան պէտք է նպաստէ սփիւռքի Հայկական դպրոցներու պահպանման

By Asbarez | Wednesday, 01 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Սփիւռքի հայկական դպրոցներու պահպանութեան համար միջոցներ պէտք չէ խնայել, յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Չորեքշաբթի, 1 Հոկտեմբերին, Սփիւռքի նախարարութիւն կատարած այցին ընթացքին:


Վարչապետը սփիւռքի նախարարութեան 6ամեայ գործունէութեան ամփոփման նուիրուած ձեռնարկին մասնակցած էր եւ այդ առթիւ մօտէն ծանօթացած աշխատակազմի անդամներուն:

«Տիկին նախարար, Սփիւռքի հայկական դպրոցների պահպանութեան հարցում եւս միջոցներ չի կարելի խնայել, եւ ՀՀ կրթութեան ու գիտութեան նախարարի հետ ջանք չպէտք է խնայէք՝ այս ուղղութեամբ դրական արդիւնքներ արձանագրելու եւ առկայ խնդիրները յաղթահարելու համար», յայտարարած է Յովիկ Աբրահամեան:
Վարչապետը, բարձր գնահատելով սփիւռքի նախարարութեան կատարած աշխատանքները, ընդգծած է գերատեսչութեան դերի կարեւորութիւնը նաեւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման գործին մէջ:

 


comments