Նախագահ Սահակեան եւ Գագիկ Ծառուկեան այցելած են սահմանագիծ

By Asbarez | Thursday, 02 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան՝ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանին հետ, 2 Հոկտեմբերին այցելած է հանրապետութեան հարաւային թեւ:


Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը յայտնեն, որ նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Հայաստանի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու Արցախ կատարած պարբերական այցելութիւնները եւ անոնց մասնակցութիւնը Արցախի տարբեր ծրագիրներու իրականացման գործընթացին՝ նշելով, որ նման մօտեցում մեծապէս պիտի նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի ընկերային-տնտեսական զարգացման:

Նախագահին կ՛ընկերակցէին փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր։


comments