Սէյրան Օհանեան ընդունած է Ամերիկացի փորձագէտներ

By Asbarez | Thursday, 02 October 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 2 Հոկտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունած է Ֆլեթչըրի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցի ղեկավար Ճէյմզ Սթաւրիտիսը, «Դաւիթեան» հիմնադրամի հիմնադիր Ասօ Դաւիթեանը եւ հիմնադրամի համակարգող Ճոյս Պարսամը:


Հանդիպման մասնակցած են Հայաստանի զինուած ուժերու գերագոյն ղեկավարման կազմի պետ, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովը, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալը Դաւիթ Տօնոյեանը, այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Հանդիպման ընթացքին նախարար Օհանեան ներկայացուցած է պաշտպանական ոլորտին մէջ իրականացուող բարեփոխումները, ռազմական կրթութեան ոլորտի զարգացման տեսլականը: Քննարկուած են համագործակցութեան զարգացման առնչուող այլ հարցեր:

Նախարարը բարձր գնահատած է Ֆլեթչըրի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցի դերը Հայաստանի պետական կառավարման մարմիններու, որոնց կարգին՝ պաշտպանութեան նախարարութեան մարդուժի վերապատրաստութեան գործին մէջ, եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Ա. Դաւիթեանին՝ անոր ծաւալած հայանպաստ գործունէութեան համար:

comments