Հայ Դատի «Ազատութեան» մրցանակը՝ նախագահ Բակօ Սահակեանին

By Asbarez | Friday, 03 October 2014

 

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ իր այս տարուան ձեռնարկին ընթացքին, կազմակերպութեան «Ազատութեան» մրցանակը պիտի շնորհուի Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին։


Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ամենահեղինակաւոր մրցանակը հանդիսացող սոյն մրցանակը պիտի յանձնուի Կիրակի, Նոյեմբեր 2ին կայանալիք ձեռնարկին ընթացքին։

«Խորապէս երախտապարտ ենք Արցախի ինքորոշման իրաւունքը բուռն կերպով պաշտպանելու ջանքերուն նկատմամբ նախագահ Սահակեանի ցուցաբերած նուիրումին համար, որուն զուգահեռ, ան նաեւ արդիւնաբեր քայլերու դիմած է՝ երաշխաւորելու համար Արցախի տնտեսական վերելքը։ Վերջին տասնամեակին, այս եւ նման քայլեր Արցախը միջազգային քարտէսի վրայ դրած են իբրեւ ժողովրդավարական սկզբունքներ յարգող ու խաղաղասէր ժողովուրդի մը բնակավայրը։ Այս որոշումի մղումներէն մէկն էր՝ առիթ տալ համայնքին, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնէ մեր բոլորին համար սիրելի Արցախի ղեկավարման գործին մէջ կարեւոր դեր ունեցած նախագահին», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա Յովսէփեան։

Նախագահ Սահակեանի ղեկավարութեան ներքեւ, Արցախ յատկանշական բարգաւաճում ապրած է արտաքին ու ներքին ճակատներու վրայ։ Ամրապնդուած են ժողովրդավարական կառոյցները, դրամատնային եւ վարկերու համակարգերը բարեկարգուած են ու տնտեսական զանազան մարզերու մէջ՝ հողագործութեան, հանքագործութեան, արդի արհեստագիտութեան եւ ուժանիւթի, որդեգրուած են աւանդական ու, ի հարկին՝ ոչ աւանդական միջոցառումներ, նպաստելով ընդհանուր զարգացման։ Այս բոլորին շնորհիւ, Արցախ այժմ կ՛արտադրէ իրեն հարկաւոր ուժանիւթին 70 տոկոսը ու կրցած է զանազան օտար ընկերութեանց հետ միացեալ գործարքներ իրականացնել։ Նշեալ ընկերութիւնները Միացեալ Նահանգերու, Քանատայի, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի ու Իտալիոյ նման երկիրներու մէջ յարգուած ընկերութիւններ են։

Նախագահ Բակօ Սահակեան ծնած ու հասակ նետած է Ստեփանակերտի մէջ եւ երիտասարդ տարիքէն եղած է Արցախի ինքորոշման իրաւունքին համար պայքարող մը։ Ան երկու տասնամեակ սպասարկած է Արցախի զինուորական ուժերուն ու ապա քաղաքական կեանք նետուած է. 1999ին նշանակուած է ներքին գործոց նախարար։ Սահակեան 2001ին ստանձնած է Արցախի Ազգային ապահովութեան սպասարկութեան ղեկը ու այդ պաշտօնին վրայ մնացած է մինչեւ 2007, երբ ընտրուած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ դառնալով այդ պաշտօնը ստանձնած չորրորդ անձը։ Ան նախագահ վերընտրուած է 2012ին։

Նախագահ Սահակեան ցարդ ստացած է շարք մը շքանշաններ, որոնցմէ են՝ Արցախի Հանրապետութեան «Մարտական Խա»չ՝ առաջին աստիճանի, Ռուսիոյ «Պետրոս Մեծ»՝ առաջին աստիճանի, ՀՀ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւնների համար»՝ առաջին աստիճանի եւ ՀՀ «Վազգէն Սարգսեան» շքանշանները:

Պեվըրլի Հիլզ քաղաքի «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ կայանալիք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը առիթ մըն է քննելու Հայ Դատի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը ու պատուելու Հայ Դատին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ ու քաղաքական անձնաւորութիւններ:

Տեղեկութիւններ տրամադրելի են նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Ֆէյսպուք»ի էջէն կամ ancawr.org կայքէն:


comments