«Էրեբունի-Երեւան 2796»ի նախապատրաստութեան աշխատանքները աւարտած են

By Asbarez | Tuesday, 07 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Էրեբունի-Երեւան 2796» տօնակատարութեան ընդառաջ տարուող նախապատրաստական աշխատանքները հիմնականին մէջ աւարտած են: Ընթացքի մէջ է այս ծիրին մէջ կայացող ընկերային աջակցութեան ծրագիրը: Նախատեսուած 2796 ընտանիքներէն Սեպտեմբեր 30էն ի վեր արդէն աջակցութիւն ստացած են 1869 ընտանիքներ: Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին այս տեղեկութիւնները փոխանցուած են քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին։ Ան յանձնարարած է առաջարկներ ներկայացնել մինչեւ տարեվերջ՝ նաեւ յաջորդ տարի ընկերային ուղղուածութեան այլ ծրագիրներու գործադրութեան վերաբերեալ:


«Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութիւնը տարէցտարի աւելի ընդգրկուն է դառնում թէ՛ ծրագրերի եւ թէ քաղաքի տօնին մասնակցելու նպատակով Երեւան այցելող պատուիրակութիւնների թուի առումով: Քաղաքի տօնի կապակցութեամբ այս տարի տարբեր քաղաքներից շուրջ 40 պատուիրակութիւնների ենք սպասում: Այն բոլոր միջոցառումները, որոնք նախատեսուած են տօնակատարութեան շրջանակում, այդ թւում՝ «Երեւան 2025» կոնֆերանսի անցկացումը, իրենց առանձնայատուկ կարեւորութիւնն ունեն մեր քաղաքի համար», յայտնած է Տարօն Մարգարեան:


comments