Արժանթինի մէջ կը սկսի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած միամեայ արշաւը

By Asbarez | Tuesday, 07 October 2014

 

 



Արժանթինի հայ համայնքը արդէն հիմնած է համայնքային յանձնախումբ մը, որուն որոշումով եւ նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենան Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկները: Տեղի պիտի ունենան քաղաքական, կրօնական, մշակութային եւ ակադեմական ձեռնարկներ: «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Պուէնոս Այրեսի Սան Անտրես համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս փրոֆ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան շեշտեց, որ ձեռնարկներուն նպատակն է քարոզչական լայն արշաւ նախաձեռնել ամբողջ տարուան ընթացքին, հարցին հանրային շեշտադրում տալու համար, նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ 2015 թուականին Արժանթինի մէջ տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութիւն:

«Համայնքային կազմակերպութիւնները, կեդրոնական ձեռնարկներէն բացի, ձեռնարկներ պիտի կազմակերպեն երկրի հայաշատ այլ քաղաքներու մէջ: Արժանթինի հայ համայնքը կեդրոնական յանձնախումբին առաջարկած է ձեռնարկներուն մէջ ներառել Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ նախագահներ Ռաուլ Ալֆոնսինի եւ Նեսթոր Քիրչների անունով յուշատախտակներ զետեղելը՝ իբրեւ շնորհակալութիւն առաջինին՝ 1987 թուականին Ցեղասպանութիւնը հրապարակաւ ճանչնալուն համար, իսկ երկրորդին՝ 2006 թուականին Արժանթինի խորհրդարանին ներկայացուցած Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքը ընդունելուն համար: Առաջարկը ընդունուած է, ուրեմն մենք ջանք պիտի թափենք, եւ մեր նպատակն է, որ Արժանթինի պատուիրակութիւնը մասնակցի 100ամեակի պաշտօնական նախաձեռնութիւններուն», ըսաւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան:

Արժանթինի հայ համայնքը ուշադիր պիտի ըլլայ նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իրականացուցած ժխտողականութեան փորձերուն եւ պիտի աշխատի անոնց հակազդել: Ըստ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի՝ արժանթինցի հասարակութիւնը ծանօթ է Հայոց Ցեղասպանութեան, կը դատապարտէ եւ կանգնած է հայ ժողովուրդի կողքին: Ճիշդ ատիկա է պատճառը, որ վերջին շրջանին շատ աշխուժացած է թուրք-ատրպէյճանական քարոզչութիւնը: «Պաքուի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը լուրջ եւ հետեւողական աշխատանք կը կատարէ Խոջալուն իբրեւ «ցեղասպանութիւն» ճանչնալու ուղղութեամբ: Այս հարցին առնչութեամբ Ատրպէյճան աշխոյժ քարոզչութիւն կը ծաւալէ հասարակական եւ քաղաքական շրջանակներու մէջ: Ուրեմն, ե՛ւ իբրեւ համայնք, ե՛ւ իբրեւ պետութիւն, պէտք է անընդհատ աշխատինք, այլապէս անոնց դրամն ու աշխատանքային ներդրումը կրնան լուրջ հարուած հասցնել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին մէջ մեր կատարած ջանքերուն», ըսաւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան:

Ըստ անոր, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի լաւագոյն ձեռնարկներէն մէկը պիտի ըլլայ Պուէնոս Այրեսի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի գործարկումը: Տակաւին յստակ չէ, թէ շինարարութիւնը երբ պիտի աւարտի, սակայն նպատակն է, որ ոչ միայն կառոյցը պատրաստ ըլլայ 2015 թուականին, այլեւ կազմակերպուի առաջին ցուցադրութիւնը:

Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը 24 Ապրիլ 2015ին Երեւան հրաւիրելու նախաձեռնութեան՝ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ատիկա նկատեց յանդուգն մարտահրաւէր եւ խելացի պատասխան Ապրիլին Էրտողանի արտայայտած «ցաւակցութեան», որ փաստօրէն Ցեղասպանութեան «մեղմ» ժխտողականութեան նորագոյն մարտավարութիւնն է՝ ուղղուած յատկապէս միջազգային հանրային կարծիքին:

 


comments

Advertisement