«Բարգաւաճ Հայաստան»ը իշխանափոխութիւն պիտի չպահանջէ

By Asbarez | Tuesday, 07 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Քանի մը օր առաջ Վանաձորի մէջ կայացած եռեակի հանրահաւաքին ընթացքին «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեանը յայտարարեց, որ՝ «այս իշխանութիւնները պէտք է հեռանան», ինչ որ ենթադրել տուաւ, որ կուսակցութիւնը փաստօրէն իր օրակարգին վրայ դրած է իշխանափոխութեան հարցը: Նոյն տրամադրութենէն մեկնած՝ 7 Հոկտեմբերին կայացած հաւաքի աւարտին լրագրողները այս մասին հարցում ուղղած են. «ԲՀԿն կողմնորոշուե՞լ է եւ ի՞նչ էր նշանակում Ն. Զոհրաբեանի այդ յայտարարութիւնը»: «Բարգաւաճ Հայաստան»էն Ստեփան Մարգարեան յայտնած է. «ԲՀԿն նկատի ունէր, որ թոյլ չենք տալու կեանքի կոչուեն իշխանութիւնների նախաձեռնած Սահմանադրական փոփոխութիւնները»:


Ն. Զոհրաբեանի յայտարարութեան վրայ կեդրոնանալով՝ Ս. Մարգարեան փորձած է բացատրել, թէ այս կամ այն կերպով նոյն կուսակցութեան իր գործընկերները բազմիցս յայտարարած են, որ երկրին մէջ ստեղծուած է իրավիճակ մը, ուր խոր անջրպետ կայ ժողովուրդին եւ իշխանութեան միջեւ, եւ դժուար է պատկերացնել, որ այդ անդունդը ձեւով մը լեցուի։

«Դա է պատճառը, որը իշխանութիւնները ձեռնարկել են Սահմանադրական բարեփոխումներ, որոնք ընդամէնը նպատակ ունեն վերարտադրելու գործող իշխանութիւններին», նշած է պատգամաւորը:

«Իշխանափոխութիւնը ինքնանպատակ չպէտք է լինի: Մենք գործ ունենք գնացող նախագահի եւ նրա հետ գնացող թիմի հետ: Իշխանափոխութիւնն արտահերթ կամ հերթական լինելու է», հաստատած է ան:

Լրագրողները հարցուցած են, որ կրնա՞յ ըլլալ, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը «Սերժ Սարգսեան հեռացիր» կոչ բարձրացնէ 10 Հոկտեմբերի հանրահաւաքին. Մարգարեան յայտնած է, որ ատիկա հարցերը չի լուծեր։

«Պէտք է հնչեն այն կոչերը, որոնք հարցեր են լուծում», աւելցուցած է ան։


comments