By Asbarez | Wednesday, 08 October 2014
ՇԻՐԱԿ, «Ռադիօլուր».– Շիրակի մարզի Թաւշուտ գիւղին մէջ մեծ շուքով տօնած են գիւղի հիմնադրութեան 90ամեակը, նաեւ՝ Մեծ Եղեռնի 100ամեակին ընդառաջ, որպէս երախտագիտութեան նշան գիւղին մէջ բարձրացուած են դրօշակները այն բոլոր երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Թաւշուտի նոր սերունդը լաւ գիտէ, թէ Արեւմտեան Հայաստանի ո՛ր շրջաններէն գաղթած են իրենց պապերը ու ինչ պատգամներ փոխանցած են իրենց: Ազգային երգ ու պարէն բացի, Թաւշուտի բացօթեայ բեմին վրայ առաջին անգամ ըլլալով հնչած է նաեւ շրջանի քայլերգը: Գիւղի տօնին նուիրուած ձեռնարկով թաւշուտցիները ի լուր աշխարհին կ՛ուզեն պատմել եղեռնագործութեան տարիներուն մարդկային ճակատագիրներու դառնութեան ու նոր սերունդի հայերուն ազգային անկոտրում ոգիին, ինչպէս նաեւ միասնականութեամբ չար ուժին հակազդելու վճռականութեան մասին:
Թաւշուտի Դաշնակցական գիւղապետ Սուրէն Սարգսեան նախազգուշացուց, որ պիտի գայ հատուցման պահը եւ պիտի վերատիրանան այն ամէնուն, որ մեր պապերը թողած են «մեր Էրգրում»:
«Թուրքը պիտի իմանայ, որ էստեղ ամուր բռունցքուած մարդիկ կան: Մեր երեխեքն էլ ԷՐԳՐԻ կարօտով են մեծանում: Ցանկացած պահի դուք էլ թակէք ցանկացած թաւշուտցու դուռ , էդ կարօտը դուք էլ կը զգաք, արիւն է դա եւ սերնդէ սերունդ փոխանցուելու է», յայտնեց գիւղապետը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ