By Asbarez | Wednesday, 08 October 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Հայաստանի հոգեւոր կեդրոն նկատուող քաղաքին մէջ 8 Հոկտեմբերին կը տիրէր տօնական մթնոլորտ ու բարձր տրամադրութիւն: Էջմիածնեցիները կը նշէին քաղաքին տօնը, կը շնորհաւորէին իրարու եւ ամենայն բարիք կը մաղթէին։ Կանուխ առաւօտեան դպրոցականները շարքերով «Շնորհաւոր» բացագանչութիւններով ուղղուեցան դէպի քաղաքի գլխաւոր հրապարակ:
2699 տարուան պատմութիւն ունեցող քաղաքին օրը պատահականօրէն ընտրուած չէ: 405 թուականին, երբ Մեսրոպ Մաշտոցը հայ գիրերու գիւտը կատարելէ ետք կը վերադառնար հայրենիք, այդ օրը Էջմիածինի մէջ զինք դիմաւորեց ժողովուրդը՝ Վռամշապուհ արքային եւ Սահակ Պարթեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ: 3 օր շարունակ Էջմիածինի մէջ տօնախմբութիւն էր:
Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունելէ ետք Էջմիածին-Վաղարշապատը կը դառնայ հայոց հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոն: Հոն՝ արքայական պալատին կից կը կառուցուի Մայր տաճարը (301-303)՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ վարչական կեդրոնը, ուր հետագային կը հիմնադրուին հայոց առաջին դպրոցը եւ մատենադարանը: Հետագայ դարերուն քաղաքին մէջ կը կառուցուի հայ ճարտարապետութեան գլուխ գործոցները՝ Ս. Հռիփսիմէ (618 թ.), Գայիանէ (630 թ.) վանքերը, Ս. Շողակաթ (1694 թ.) եկեղեցին, Ս. Զուարթնոց տաճարը (641-661 թթ.), կը հիմնադրուի Հայաստանի մէջ առաջին տպարանը (1771 թ.), թուղթի գործարանը (1776 թ.), Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը (1874թ.), կը տպագրուի «Արարատ» պարբերականը (1868 թ.):
Էջմիածինը մեծ զարգացում կ՛ապրի յատկապէս նախորդ դարուն։ Այսօրուան Էջմիածինի յատակագծման աշխատանքները կը սկսին 1925ին: 1945ին Վաղարշապատ քաղաքը եւ շրջանը պաշտօնապէս կը վերանուանուին Էջմիածին: Քաղաքին մէջ կառուցապատման հսկայական աշխատանքներ կը կատարուին 1960-1970ին: Այժմ քաղաքը կը գրաւէ 4424,82 հեկտար հողատարածք, մաս կը կազմէ Արմաւիրի մարզի վարչատարածքին եւ ունի 57,600 բնակիչ:
2007 թուականէն Էջմիածինը պատմամշակութային իր հարուստ ժառանգութեամբ (201 պատմամշակութային յուշարձան) ԵՈՒՆԵՍՔՕի «Համաշխարհային ժառանգութիւն քաղաքներ» կազմակերպութեան անդամ է:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ