By Asbarez | Thursday, 16 October 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Կառավարութիւնը իր պահեստային ֆոնտէն 213 միլիոն 838 հազար դրամ (շուրջ 521 հազար 560 տոլար) յատկացուցած է Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան՝ նուիրաբերութեան պայմանագիրով «Այբ» կրթական հիմնադրամին տրամադրելու նպատակով:
«Այբ» կրթական հիմնադրամը՝ համագործակցելով Քեմպրիճի համալսարանին եւ Լոնտոնի կրթութեան հիմնարկին հետ, կը սկսի իրականացնելու Կրթութեան գերազանցութեան ազգային ծրագիրը, որուն իբրեւ արդիւնք տասնամեակի մը ընթացքին պիտի հաւաստագրուի շուրջ 2 հազար միջազգային որակաւորման ուսուցիչ, որոնք, ըստ ծրագիրին, պիտի դառնան փոփոխութիւններ իրականացնողներ, պիտի ստեղծեն դպրոցներուն մէջ դասաւանդման նորագոյն մօտեցումներու տարածումը խթանող ցանց:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ