By Asbarez | Friday, 17 October 2014
ԵՐԵՒԱՆ.– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան այցելեց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակ եւ հանդիպում ունեցաւ Պելճիքայի ՀՅԴ կոմիտէութեան, Հայ Դատի յանձնախումբի, Համազգայինի, ՀՄԸՄի, Երիտասարդական միութեան եւ ՀՕՄի ներկայացուցիչներու եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեանը, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լիզա Աւագեանը, եւ «Ոչ մի տեղ, աքսորի պատմութիւն» (Nowhere, A Story of Exile) գիրքի հեղինակ Աննա Աստուածատրեան: Աշոտ Ղուլեանի կ՛ընկերակցէին դիւանագէտներ Արմինէ Ալեքսանեանը եւ Վարդան Բարսեղեանը:
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին Աշոտ Ղուլեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայիս դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ վեր առաւ պետականաշինութեան, ժողովրդավարութեան եւ տնտեսութեան զարգացման ոլորտներուն մէջ վերջին 20 տարիներուն Արցախի արձանագրած զարգացումը:
Պելճիքայի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները վերստին հաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը միշտ պատնէշի վրայ գտնուելու Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնն ու բարգաւաճումը ապահովելու համար, իսկ Ա. Ղուլեան անքակտելի նկատեց Հայաստան–Արցախ– Սփիւռք եռամիասնութիւնը:
Հանդիպման աւարտին Աշոտ Ղուլեանը Արցախեան շարժման 25ամեակի յուշանուէր եւ մետալ յանձնեց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանին՝ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման համար իր տարած աշխատանքին համար:
Նշենք, որ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը Պրիւքսէլի մէջ պիտի մասնակցի «Արցախի ամիս» ձեռնակներու շարքին՝ Աննա Աստուածատրեանի գիրքի ներկայացման, ինչպէս նաեւ առաջին անգամ ըլլալով Եւրոխորհրդարանին մէջ կայանալիք Արցախի անկախութեան 23րդ ամեակին նուիրուած հիւրասիրութեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ