By Asbarez | Monday, 20 October 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 20 Հոկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանին հարցուցած են, որ արդեօք Սերժ Սարգսեանի՝ սահմանադրական փոփոխութիւններու հայեցակարգի վերաբերեալ դիրքորոշում յայտնելու յետաձգումը պայմանաւորուած չէ՞ եռեակին կողմէ բանեցուած ճնշումով։
Ան պատասխանած է. «Եթէ եռեակի մօտեցումները ինձ որեւէ մէկը ձեւակերպի լիարժէք, ես աւելի հեշտ կը պատասխանեմ այդ հարցին: Առայժմ հրապարակուած տեսակէտն այն է, որ եռեակը որեւէ քննարկում չի ընդունում, ուրեմն ի՞նչ յետաձգելու մասին է խօսքը: Այլ հարց է, որ Սերժ Սարգսեանը յայտարարեր, որ հրաժարւում է սահմանադրական փոփոխութիւնների գործընթացից, բայց նման յայտարարութիւն չի հնչել: Եթէ նման բան տեղի ունենայ, ես ձեզ հիմա եմ ասում, որ յետոյ չասէք, թէ Դաշնակցութիւնն իր դիրքորոշումները ըստ ընթացքին ճշդում է, ապա դա կը լինի ամենամեծ բացթողումը թէ՛ մեր երկրի համար, թէ՛ ընդդիմութեան համար: Եթէ նպատակն այն է, որ համակարգային փոփոխութիւններ տեղի չունենան, սահմանադրական փոփոխութիւններ տեղի չունենան, ուրեմն ողբամ մեր վիճակը, որովհետեւ եթէ հրաժարուենք սահմանադրական փոփոխութիւններից, ապա կ՛ունենանք նոր՝ չորրորդ նախագահ, որից դժգոհելու ենք»:
Դաշնակցութեան կարծիքով՝ եթէ բան մը պէտք է կատարուի երկրին մէջ եւ անիկա պիտի առաջնորդէ ժողովուրդին համար ընդունելի զարգացումներուն, ատիկա համակարգային փոփոխութիւնն է, ինչ որ կարելի չէ առանց Սահմանադրութեան փոփոխութեան:
«Ամբողջական իշխանափոխութիւնը, որի մասին երկար ժամանակ խօսել ենք, հիմա փորձում են աղաւաղել կամ իմաստազրկել, ենթադրում է ոչ միայն վարչախմբի հեռացում, այլ նաեւ համակարգի փոփոխութիւն, որ նոյն բանը չկրկնուի», յայտնած է պատգամաւորը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ