Ծառուկեան Հանդիպում Ունեցած Է Տէր Պետրոսեանի Հետ

By Asbarez | Wednesday, 22 October 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 21 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի եւ ՀԱԿի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հանդիպումը: «Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Ծառուկեանի մամլոյ քարտուղար Իւետա Տօնոյեանը:
Անկէ ետք նախատեսուած էր ոչ իշխանական երեք ուժերու ղեկավարներու եռակողմ հանդիպումը:

22 Հոկտեմբերին ալ տեղի ունեցած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդին հանդիպումը «Ժառանգութեան» ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հետ:
Եռեակին առաջնորդները կը քննարկեն յառաջիկայ հանրահաւաքին կապուած հարցեր. Տօնոյեան այլ մանրամասնութիւններ չէ յայտնած:

 


comments