By Asbarez | Friday, 24 October 2014
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 21 Հոկտեմբերին, որպէս եզրափակիչ հանդիսութիւն, երեք օրերու վրայ տարածուած կրօնական, մշակութային եւ ազգային ձեռնարկներուն՝ նուիրուած Նոր æուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի հիմնադրութեան 350ամեակին, Նոր æուղայի «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիսութիւն, բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, եօթը նախարարներ, Սպահանի առաջնորդ սրբազանը, Թեհրանի եւ Ատրպատականի առաջնորդ սրբազանները, թեմական իշխանութիւններն ու զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Հանդիսականներուն ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, բաղկացած երգչախմբային ելոյթներէ, պարերէ, մեներգներէ եւ ասմունքներէ: Նոր æուղայի վանքին հիմնադրութեան 350ամեակը պատմական ենթահողի վրայ ներկայացուց Թեմական խորհուրդի ատենապետ Նոյէլ Մինասեան: Խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը, որ իր գնահատանքը յայտնեց 400 տարիներ շարունակ իր հայութիւնը պահած ու մշակութային արժէքներ ստեղծած ու պաշտպանած Նոր æուղայի հայութեան: Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց Նոր æուղայի հայութեան, առաւել հաւատքով ու նուիրումով շարունակելու մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան նուիրուած իրենց պապերու առաքելութիւնը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ