Սէյրան Օհանեանի գլխաւորութեամբ զինուորականներ այցելած են Եռաբլուր

By Asbarez | Monday, 27 October 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Հայաստանի զինուած ուժերու ղեկավարման մարմինի պետ, զօր. Եուրի Խաչատուրով, Երկրապահ կամաւորականներու միութեան նախագահ Մանուէլ Գրիգորեան, շարք մը բարձրաստիճան զինուորականներ, պաշտօնեաներ, Վազգէն Սարգսեանի մարտական ընկերները, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ազատամարտիկներ 27 Հոկտեմբերին այցելած են Եռաբլուր պանթէոն: Անոնք ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղած են սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն վրայ, Անյայտ կորսուածներուն յիշատակը յաւերժացնող եւ «Բերդապար» յուշակոթողներուն առջեւ:


Կանուխ առաւօտէն Եռաբլուր զինուորական պանէթոնը խճողուած էր: Բազմաթիւ քաղաքացիներ եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու աննախադէպ ոճրագործութեան զոհ դարձած ականաւոր ռազմական ու քաղաքական գործիչ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յիշատակին, ինչպէս նաեւ անգամ մը եւս ոգեկոչելու յիշատակը այն հայորդիներուն, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին յանուն Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան ու ազատութեան:

 


comments

Advertisement