By Asbarez | Friday, 31 October 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Երբեմնի հայաբնակ Բալու շրջանին մէջ պիտի վերակառուցուի դարեր առաջ կառուցուած եւ այժմ աւերակի վերածուած եկեղեցին: Բալուի քաղաքապետ Մեհմետ Սայիտ Տաղօղլու հայկական եկեղեցին այցելելով՝ յայտնած է, որ անիկա 8 դարեր ծառայած է հայ համայնքին:
«1970ականներուն, անիկա դեռ կանգուն էր եւ կան այդ իրողութիւնը հաստատող լուսանկարներ: Գանձեր որոնողները էական վնասներ հասցուցած են շինութեան, իսկ մենք՝ հոս բնակողներս, զայն չենք պահպանած: Հայ համայնքին հետ հանդիպելով՝ մտադրած ենք 2015-2016ին սկսիլ անոր վերակառուցման», նշած է քաղաքապետը, աւելցելով, որ վերակառուցուած է նաեւ քաղաքի մզկիթը:
19րդ դարու սկիզբը, Բալուի հայ բնակիչներուն թիւը 7000ի շուրջ եղած է: 1873ին, հոն կ՛ապրէին 6240 հայ եւ 2250 քիւրտ: 19րդ դարու 70ական թուականներէն սկսեալ, քաղաքի արհեստաւոր ու առեւտրական դասակարգը սկսած է աստիճանաբար գաղթելու աւելի մեծ քաղաքներ՝ Ատանա, Խարբերդ, Տիգրանակերտ, Սեբաստիա, ինչպէս նաեւ Մալաթիա ու Քղի: 1915ին բնաջնջուած է նաեւ Բալուի հայ բնակչութիւնը, որուն միայն մէկ մասը փրկուած է:
Յետագային, ոմանք վերադարձած են: 1940ական թուականներուն Բալուի եւ անոր շրջակայքի գիւղերուն մէջ կը գտնուէր 750 հայ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ