By Asbarez | Monday, 03 November 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Երեւանի քաղաքապետական գեղարուեստական խորհուրդի անդամ, անուանի քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեան զաւեշտալի կը նկատէ այն, որ Գարեգին Նժդեհի հրապարակին վրայ կանգնած է Սուրէն Սպանդարեանի արձանը:
«Ինձ թւում է, որ մեր քաղաքացիների մեծ մասը կարծում են, թէ Գարեգին Նժդեհը դա, ինչ որ դրուած է, որովհետեւ ոչ մէկը ո՛չ Սուրէն Սպանդարեանին է տեսել, ո՛չ էլ Գարեգին Նժդեհին է տեսել: Բայց ինչքանո՞վ ճիշդ է, որ հրապարակը կոչւում է Նժդեհի անունով, դրուած է Սպանդարեանի արձանը», լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին հարցուցած է ան։
Թոքմաջեան փոխանցած է, որ քաղաքապետարանի գեղարուեստական խորհուրդը, որուն մաս կը կազմեն յայտնի արուեստագէտներ, զուտ խորհրդատուական մարմին է եւ իրական ազդեցութիւն չունի քաղաքապետարանին կողմէ տրուած որոշումներուն վրայ:
Արդարեւ, Գարեգին Նժդեհին արձանը, քաղաքապետարանին որոշումով, պիտի տեղադրուի ոչ թէ անոր անունը կրող հրապարակին վրայ, այլ՝ Հանրապետութեան փողոցին մէջ գտնուող առայժմ անանուն փոքրիկ հրապարակին:
«Ես ինչքան հասկացայ, քանի որ Գարեգին Նժդեհը նաեւ Հանրապետական կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնն է, նրա փիլիսոփայական մտքերը, նրա գաղափարները, որոշել են դնել Հանրապետական փողոցի վրայ», յայտնած է Թոքմաջեանը:
Յայտնենք, որ Նժդեհի արձանի նախագիծին համար երկու տարի առաջ յայտարարուած մրցումին յաղթող նկատուած է քանդակագործ Գագիկ Ստեփանեանի նախագիծը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ