Իրլանտա-Հայաստան՝ 2-1

By Asbarez | Tuesday, 11 October 2011

 

ՏՈՒՊԼԻՆ.- Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11ին, 2012ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի վերջին մրցումին ընթացքին, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Իրլանտայի մէջ եւ 17 կէտով պահեց երրորդ դիրքը Բ. խմբակին մէջ:

Մրցումին ճակատագիրը որոշուեցաւ 27րդ վայրկեանին, երբ սպանացի իրաւարար Էտուարտօ Կոնզալես չափազանց վիճելի կարմիր քարտ մը «շնորհեց» բերդապահ Ռոման Պերեզովսքիին, որուն հետեւանքով մարզիչ Վարդան Մինասեան պարտադրուեցաւ մրցումէն դուրս հանել Էտկար Մալաքեանը՝ բերդապահութիւնը վստահելով երիտասարդ ու միջազգային ասպարէզի մէջ փորձառութիւն չունեցող Արսէն Պետրոսեանին:

Առաջին կիսախաղի 43րդ վայրկեանին, Վալերի Ալեքսանեանը, փորձելով գնդակը դուրս բերել վտանգաւոր գօտիէն՝ սխալմամբ իր բերդէն ներս առաջնորդեց գնդակը, իսկ 60րդ վայրրկեանին, Ռիչըրտ Տան կրկնապատկեց հաշիւը:

Սակայն միայն երկու վայրկեան ետք, Հենրիկ Մխիթարեան, Եուրա Մովսիսեանէն փոխանցում մը ստանալէն ետք, կրճատեց հաշիւին տարբերութիւնը՝ զայն հասցնելով 2-1ի: Իրլանտայի հաւաքականը ցուցաբերեց բիրտ խաղարկութիւն մը, որուն հետեւանքով, անոր մարզիկներէն վեցը դեղին քարտեր ստացան, իսկ Քեւին Տոյլ, 81րդ վայրկեանին կարմիր քարտ ստանալով՝ հեռացաւ դաշտէն:

Զտումի մրցումներուն շատ տպաւորիչ խաղարկութիւն ցուցաբերած Հայաստանի հաւաքականին յաջորդ թիրախը պիտի ըլլայ 2014ի աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտախաղերուն հասնիլ:

comments