Ատրպէյճանցի ներթափանցողներուն դատական նիստին վկայութիւններ տուած են նաեւ տուժողները

By Asbarez | Tuesday, 04 November 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Ատրպէյճանցի հետախոյզ Տիլհամ Ասքերով 4 Նոյեմբերի դատական նիստին մերժած է վկայութիւն տալ՝ նշելով, որ բոլոր գիտցածները արդէն ըսած է նախաքննութեան ընթացքին, եւ կարելի է զանոնք հրապարակել։ Այնուհետեւ մեղադրող կողմը հրապարակած է այս տարուան Սեպտեմբեր 16ին, նախաքննութեան ժամանակ, ամբաստանեալ Ասքերովի վկայութիւնները, համաձայն որուն, Ասքերով ընդունած է, որ փորձաքննութեան արդիւնքներով բերուած ապացոյցները կը վկայեն այն մասին, որ ինք սպաննած է Սմբատ Ցականեանը, բայց պատանիին սպանութեան մէջ ամբաստանեալը ինքզինք մեղաւոր չէ նկատած։
Ասքերովին պատկանող գնդացիրը, որով սպաննուած է Սմբատ Ցականեանը, ունեցած է այն զօրամասին թիւը, որուն հետախուզական գումարտակին մէջ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան պատերազմի տարիներուն ծառայած է ամբաստանեալը, որ սակայն պատահականութիւն նկատած է այդ փաստը:

Այնուհետեւ դատարանը լսած է տուժողի իրաւայաջորդ, սպաննուածին հօր՝ Մեխակ Ցականեանի ցուցմունքները, ըստ որուն, Սմբատ Ցականեան գումար կը շահէր միրգ հաւաքելու եւ վաճառելու միջոցով: Անհետանալու օրը ան կրկին գացած էր կեռաս եւ ընկոյզ հաւաքելու: Պատանիին տարօրինակ ուշացումը անհանգստացուցած է ծնողներն ու անոնք սկսած են փնտռել բոլոր հաւանական վայրերուն մէջ, ուր կրնայ ըլլալ ան: Երկօրեայ ապարդիւն որոնումներէն ետք դիմած են տեղւոյն ոստիկանութեան բաժին: Սակայն միայն ատրպէյճանական հետախուզական-ներթափանցող խումբի բացայայտումէն ետք պարզուած է, որ պատանին անոնց մօտ էր, իսկ աւելի ուշ գիտցած են, որ ան սպաննուած է։

Նշենք, որ ձերբակալման պահուն հետախուզողներուն մօտ յայտնաբերուած էր հայկական դրամ ու «Ղարաբաղ Տելեկոմ»ի կանխավճարային քարտ, զոր անոնք գրաւած էին Սմբատ Ցականեանէն: Հօր՝ Մեխակ Ցականեանի վկայութեան համաձայն, պատանին այդ գումարը հաւաքած էր դպրոցական հագուստ եւ պարագաներ գնելու համար:

Դատական նիստին ընթացքին վկայութիւն տուած է նաեւ տուժող Վրէժ Բալայեանը: Ատրպէյճանական յանցագործ խումբի անդամները՝ կոտրելով անոր տան կղպանքը, գողացած էին անձնագիրն ու զինուորական գրքոյկը, վերարկուն, ինչպէս նաեւ հորթը: Ան նշած է, որ անջրանցիկ տոպրակի մէջ դրուած փաստաթուղթերը կախուած էին պատէն: Տուժող Բալայեան իր փաստաթուղթերու անհետացման մասին տեղեակ պահած է ոստիկանութիւնը, երբ արդէն ձերբակալուած էր Տ. Ասքերովը, որուն հագած գողցուած վերարկուին գրպանէն յայտնաբերուած էին կորսուած փաստաթուղթերը։

Ասքերով հաստատած է, որ թէեւ իր գրպանին մէջ եղած են այդ փաստաթուղթերը, սակայն անոնց մասին ինք տեղեակ չէ եղած, քանի որ զանոնք գողցած էր խումբի սպաննուած անդամ՝ Հասանովը, որ մինչեւ վերարկուն իրեն յանձնելը գրպանը դրած էր այդ փաստաթուղթերը, որոնց գոյութեան մասին ինք միայն ձերբակալման ատեն գիտցած էր։

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement