By Asbarez | Tuesday, 04 November 2014
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան մեղադրած է Ատրպէյճանը՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ մնայուն լարուածութեան համար, հակառակ 27 Հոկտեմբերին Փարիզի մէջ կայացած բանակցութիւններուն աւարտին կատարուած յայտարարութիւններուն:
Շաբաթ օրը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախարար Սէյրան Օհանեան կարեւոր նկատած է վստահութեան ամրապնդման միջոցներու որդեգրումը՝ որպէս ղարաբաղեան բանակցային գործընթացի վերջնական յաջողութեան պայման:
Նախարարին համաձայն՝ սակայն, ղարաբաղեան բանակցային գործընթացը կը սահմանափակուի միայն յայտարարութիւններով, առանց գործնական քայլերու:
«Յաջողութիւնների առաջին նախապայմանը վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներն են: Եւ հանդիպման օրերին, նաեւ մի քանի օր առաջ լարուած էր իրավիճակը, այսինքն՝ (ադրբեջանական կողմից) կրակոցների թիւը շատացել է», յայտնած է Օհանեան՝ ըստ լրատուամիջոցներուն:
«Եթէ մեր հարեւանները գիտակցեն, որ վստահութիւն պէտք է լինի երկու երկրների միջեւ, դրանից յետոյ միայն մնացած յաջողութիւնները կը լինեն», աւելցուցած է ան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ