Բակօ Սահակեան պարգեւատրման հրամանագիր ստորագրած է

By Asbarez | Tuesday, 04 November 2014

 

 


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 4 Նոյեմբերին ստորագրած է պարգեւատրման հրամանագիր մը։ Անոր համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդին եւ Ծերակոյտին կողմէ Արցախի անկախութեան մասին բանաձեւի ընդունման սատարելու համար, «Մխիթար Գօշ» մետալով պարգեւատրուած է 2 հոգի, «Երախտագիտութիւն» մետալով՝ 14 հոգի։

 


comments

Advertisement