Ըստ «Ժառանգութեան»՝ եռեակի գործակցութիւնը սահմանափակ է

By Asbarez | Wednesday, 05 November 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 5 Նոյեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան յայտնած է, որ խորհրդարանական եռեակի (ԲՀԿ, ՀԱԿ, «Ժառանգութիւն») գործունէութիւնը ոչինչ է աւելի քան փոքրիկ համագործակցութիւն մը:


Ըստ անոր՝ ասիկա քաղաքական փոքրիկ համագործակցութիւն է, որ այդպէս ալ դուրս չեկաւ խորհրդարանի սահմաններէն: Ի պատասխան այն դիտարկման, որ Ազատութեան հրապարակի հանրահաւաքները արդէն իսկ բաւական լայն համագործակցութեան ցուցանիշ են՝ պատգամաւորը շարունակած է պնդել, որ ատիկա երեք քաղաքական ուժերու խորհրդարանական փոխգործակցութեան սահմաններէն չ՛անցնիր։

«Նիուզ»ի թղթակիցը հարցուցած է, որ Եւրասիական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան շուրջ «Բարգաւաճ Հայաստան»ի, Հայ Ազգային Կոնգրեսի եւ «Ժառանգութեան» միջեւ առկայ տարակարծութիւններուն պատճառով կրնա՞յ ըլլալ, որ «Ժառանգութիւն»ը հեռանայ եռեակէն. Փոստանջեան ըսած է, որ համագործակցութիւնը խորհրդարանական ձեւաչափով պիտի շարունակուի մինչեւ որ արտահերթ ընտրութիւններ կատարուին. «Մինչեւ ժողովուրդը չորոշի ազատուել Սերժ Սարգսեանից», եզրափակած է ան։


comments