By Asbarez | Thursday, 06 November 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հինգշաբթի, 6 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) քաղաքական Խորհուրդի նիստը:
ԲՀԿ մամուլի խօսնակ Տիգրան Ուրիխանեան, պատասխանելով «Երկիր»ի թղթակիցի հարցումին, թէ Քաղաքական Խորհուրդի նիստին ինչո՞ւ հանրահաւաքի հարց չէ քննարկուած՝ յայտնած է «Այսօր քննարկուել են կազմակերպական բնոյթի հարցեր եւ կայացուել են այլ շրջանակների որոշումներ: Հանրահաւաքների հարցն այս պահին քաղխորհրդի շրջանակներում քննարկելու հարց չի, հանրահաւաքների հարցը պէտք է քննարկուի եռեակի նիստում, իսկ քաղխորհրդի այսօրուայ նիստում քննարկուել է համաժողովրդական շարժման շտաբներ ձեւաւորելու հարցը»:
Ուրիխանեան նշած է, որ մարզերու մէջ պիտի ստեղծուին կեդրոններ, որոնք պիտի գործեն եռեակի անունով: Այսուհանդերձ, ոչ իշխանական եռեակի յաջորդ հանրահաւաքներուն հետ կապուած անորոշութիւնը կը շարունակուի:-
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ