Եռեակի նիստին որոշուեցաւ անորոշ ժամանակով յետաձգել հանրահաւաքները

By Asbarez | Monday, 10 November 2014

ԵՐԵՒԱՆ.– 10 Նոյեմբերին ընդդիմադիր եռեակին գումարած հանդիպումը տեւեց մէկուկէս ժամ, թէեւ եռեակի ներկայացուցիչները լրագրողներուն նախապէս ըսած էին, թէ հանդիպումը պիտի տեւէ առաւելագոյնը 20 վայրկեան:


Հանդիպման աւարտին Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Ստեփան Մարգարեան յայտնեց, որ քննարկուած են կազմակերպական հարցեր՝ համաժողովրդական շարժման գրասենեակներուն մասին, եւ բովանդակային՝ յառաջիկային կատարելիքներուն մասին, յատկապէս՝ զանգուածային նախաձեռնութիւններուն վերաբերող։

«Վերջնական որոշում կը կայացնենք վաղը չէ միւս օրը, որովհետեւ կուսակցութիւնների ներսում քննարկելու խնդիրներ են առաջացել: Կան առաջարկներ հանրային միջոցառումների ձեւի ու բովանդակութեան մասով, դրա հետ կապուած՝ լրացուցիչ քննարկման կարիք է առաջացել», ըսաւ պատգամաւորը։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ եռեակը պառակտուի՝ ան յայտնեց. «Եռեակը չի պառակտուի: Նորմալ եմ համարում, որ ամէն մէկը տեսակէտ ունի այս կամ այն գործունէութեան վերաբերեալ: Եռեակի կենսունակութեան համար կարեւոր է ոչ միայն այն, որ տարբեր կարծիքներ կան, այլեւ կարեւոր է, թէ որքանով է եռեակն ունակ յաղթահարել կարծիքների տարբերութիւնը եւ կայացնել վերջնական որոշում: Վերջնական կոնսենսուսի կը գանք: Յոյսով եմ՝ եռեակը շարունակելու է իր գործունէութիւնը»:

Մարգարեան նշեց, որ եռեակը պիտի յայտարարէ, թէ ինչպէս կը պատկերացնէ իր գործունէութիւնը, միջոցառումները, նաեւ՝ թէ երբ պիտի ըլլայ ամփոփիչ գործողութիւնը։ Ըստ անոր՝ շարժումը թեւակոխած է «լուրջ փուլ», ուստի բոլոր խնդիրները պէտք է լաւապէս սերտուած ըլլան:

«Բոլորն են հանրահաւաքները համարում յոյժ անհրաժեշտութիւն: Մեր տարբերութիւնը եղել է այն, թէ որ պահին պէտք է անենք մեծ հանրահաւաքները: Մենք դադար չենք վերցրել, մենք ճիշդ տակտիկա ենք ընտրել, զբաղուած ենք լուրջ կառուցուածքային խնդիրներով, ակցիաներ ենք մշակում: Մեզ թիկունք է հարկաւոր, դրա դերը ստանձնելու են շտաբները, որոնք մոբիլիզացնելու են ժողովրդին: Այդ շտաբները կուսակցական գործունէութիւն չեն ծաւալելու, այլ միմիայն մոբիլիզացնելու են համաժողովրդական շարժումը», նշեց պատգամաւորը:

Լրագրողները հարցուցին, որ արդեօք նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Գագիկ Ծառուկեանի միջեւ հանդիպում կայացա՞ծ է. Ստեփան Մարգարեան պատասխանեց, որ ինք տեղեակ չէ. «Իսկ եղե՞լ է դրա մասին յայտարարութիւն: Ես չեմ կարող ո՛չ հաստատել ո՛չ հերքել, ես դրա մասին տեղեակ չեմ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ արտահերթ ընտրութիւններու կ՛ուղղուի եռեակը՝ ան ըսաւ. «Մենք գնում ենք արտահերթ բոլոր ընտրութիւնների: Ես չգիտեմ, թէ որ պահին ինչ կ՛անենք, կախուած է իշխանութիւնների ու ժողովրդի պահուածքից: Մենք մեծացնում ենք համաժողովրդական ճնշումները»:

 

comments