«Հայաստան տեղափոխուած Սիրիահայերի զգալի մասը հրաժարուել է ապրել Արցախում». Արցախի Փոխվարչապետ

By Asbarez | Monday, 10 November 2014

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ղարաբաղ Լայֆ».- Քաշաթաղի վերաբնակեցումը մնայուն քննարկումներու նիւթ է, անոր առնչուող տեսակէտները տարբեր են: Ոմանց համար անիկա ձախողած ծրագիր է, որուն շատեր կը հակադարձեն ձեռքբերումներուն մասին խօսուն թիւերով ու փաստերով:


Արցախի փոխվարչապետ Ա. Աղաբեկեան չի ժխտեր, որ սուրիահայերը Արցախ տեղափոխելու ծրագիրը գրեթէ տապալեցաւ. «Մշտական բնակութեան եկան սիրիահայ ընտանիքներ, բայց նրանց թիւը սպասուածից շատ աւելի քիչ է»: Փոխվարչապետը անձամբ հանդիպում ունեցած է սուրիահայ ընտանիքներուն հետ եւ փորձած է համոզել զանոնք. Արցախի հողը բերրի է, թեթեւ արդիւնաբերութիւնն ալ գերակայ ճիւղ հռչակուած է:

«Հայաստան տեղափոխուած սիրիահայերի զգալի մասը հրաժարուել է ապրել Արցախում: Ցաւօք, մենք չկարողացանք համոզել, որ ինչ ունեցել են Հալէպում, Դամասկոսում կամ Սիրիայի այլ բնակավայրում, նոյնը կարող են ունենալ Ստեփանակերտում, եւ ընդհանրապէս, Արցախում: Պարտադրման սկզբունք չէր կիրառւում, միայն համոզումի սկզբունքն էր կիրառւում: Կա՛մ վատ համոզեցինք, կա՛մ չյաջողուեց համոզել», նշած է փոխվարչապետը:

Միւս կողմէ, Քաշաթաղի մէջ բնակութիւն հաստատել ուզողներուն օրէ օր աճող թիւը կը վկայէ, որ շրջանը զարգացման կայուն ուղիի վրայ է:

Շրջանի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Արտիւշա Մխիթարեան ընդգծած է, որ վերաբնակեցման սկիզբի տարիներուն աւելի մեծ հակում կար համակերպուելու առաջարկուող պայմաններուն, իսկ հիմա պատկերը այլ է՝ աւելի մեծ պահանջներով կու գան, նշած է ան՝ ցոյց տալով Քաշաթաղի մէջ մնայուն բնակութիւն հաստատել ուզողներուն հերթագրութեան ծաւալուն ցանկը։ «Բնակեցումը կարող է շատ աւելի ինտենսիւ լինել, եթէ մենք ունենանք բնակպայմաններ: Քիչ թէ շատ բնակութեան համար պիտանի, նորմալ բնակարաններ, որտեղ մարդը կարող է ապրել, արդէն բնակեցրել ենք»:

Ա. Մխիթարեան յայտնած է, որ՝ նկատի ունենալով հերթագրուածներու ցուցակը, կառավարութիւնը առանձին ուշադրութիւն կը դարձնէ շրջանի բնակարանաշինութեան հարցին:

Աւելցնենք, որ 2014ին Քաշաթաղի մէջ մնայուն բնակութիւն հաստատած է 41 ընտանիք:

Ներկայ դրութեամբ Քաշաթաղը ունի մօտ 11,000 բնակիչ:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement