By Asbarez | Monday, 10 November 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը՝ բարձրաստիճան հոգեւորականներու ընկերակցութեամբ, 10 Նոյեմբերին այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին Եղեռնի զոհերու յիշատակին:
Կաթողիկոսները հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեցին՝ ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի նահատակներուն:
«Բնականաբար, մեր մտածումն էր, որպէսզի այսօր մինչեւ Եպիսկոպոսաց ժողովի աշխատանքների սկիզբը մեր եպիսկոպոսաց դասով այցելենք Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, մեր խոնարհումը բերենք մեր 1.5 միլիոն նահատակ զաւակների յիշատակին եւ մեր աղօթքը բարձրացնենք աշխարհասփիւռ մեր ժողովրդի խաղաղ, ապահով կեանքի համար, եւ հայցենք տիրոջից, որպէսզի Եպիսկոպոսաց ժողովի աշխատանքները Սուրբ հոգու շնորհների ներքոյ իրականացուեն, եւ սպասուող ակնկալութիւնները մեր ժողովրդի իրականան», յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոս՝ զրուցելով լրագրողներուն հետ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցը պիտի նշանաւորուի երկու կարեւոր իրադարձութիւններով:
«Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը վճռական անկիւնադարձ պէտք է դառնայ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ: 100 տարի մենք յիշեցինք եւ յիշեցուցինք, հիմա ժամանակն է, որ մեր պահանջատիրութեան նոր ուժականութիւն եւ նոր գունաւորում տանք: Նախորդ ամիսներուն ես յաճախակի կերպով այս կէտը շեշտեցի, չի բաւեր 100ամեակին առիթով ձեռնարկներ կազմակերպել, յիշել մեր նահատակները, այդ բոլորը կարեւոր են անկասկած, սակայն ես կը կարծեմ, որ երկու կարեւոր իրադարձութիւններ պիտի ըլլան. առաջինը Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասումն է, այդ նահատակները ժողովուրդը կ՛ընդունի իբրեւ հաւատքի եւ հայրենիքի նկատմամբ արիւն թափած նահատակներու, երկրորդը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններն ու հանդիսութիւններն են, որոնք պէտք է հետեւողականօրէն շեշտեն մեր ժողովուրդին պահանջատիրական կեցուածքը», հաստատեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ