By Asbarez | Monday, 24 November 2014
ԵՐԵՒԱՆ.- «Կեդրոն» պատկերասփիւռի կայանը վերջերս հաղորդեց Գէորգ Չաւուշի եւ Մուշի մասին պատրաստուած ծրագիր մը:
1907ին, Սուլուխի կռիւին ընթացքին, հայդուկապետ Գէորգ Չաւուշի գլխաւորութեամբ 80 հոգիէ բաղկացած հայկական ֆէտայական խումբը յաջողեցաւ մէկ գիշերուան մէջ սպաննել զինք պաշարող 8 հազարնոց թշնամիէն 127 զինուոր եւ թուրք հրամանատար Քէօսէ Պինպաշին: Սուլուխի ճակատամարտին զոհուեցաւ նաեւ Գէորգ Չաւուշ: Հայդուկապետ Գէորգ Չաւուշէն այնքան կը վախնային թուրքերը, որ զինք թաղեցին մեծ պատիւով:
107 տարի ետք, Չաւուշի գերեզմանը անտեսումի ենթարկուած է: Ժամանակին, Մուշի հայերը տէր կանգնած են գերեզմանին, որպէսզի թուրքերը զայն չպղծեն: Այսօր, անոնք ոչ միայն կը հսկեն, այլ կը պատրաստուին 8000 քառակուսի մեթր տարածութիւն ունեցող հայկական գերեզմանատունը ցանկապատելու եւ դարձնելու հայ համայնքի սեփականութիւնը:
Մուշի հայկական միութեան նախագահ Արմէն Գալուստեան կը յայտնէ, որ այդ գերեզմանատան մէջ թաղուած է հերոս մը՝ Գէորգ Չաւուշը, եւ իրենց համար ընդունելի չէ այդ վայրէն քարեր վերցնելու հարցը: Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արագած Ախոյեան իր կարգին կը նշէ, թէ իրենք գերեզմանի վերակառուցման թոյլտուութիւն ստանալու համար դիմած են Անգարայի եւ ստացած են այդ թոյլտուութիւնը, իսկ այժմ մշեցի հայերու հետ կը քննարկեն, թէ ի՛նչ ձեւով պիտի ձեռնարկեն այդ աշխատանքին:
Արագած Ախոյեանի այցելութեան եկած մշեցի հայերը կը շեշտեն, որ պէտք է համախմբել ոչ միայն Մուշի, այլ Արեւմտահայաստանի ամբողջ բնակիչները՝ թիկունք կանգնելու եւ ուժեղացնելու համար Թուրքիոյ արեւելեան շրջանին մէջ հայկական գործօնը, եւ կ՛աւելցնեն, որ կորսուածը աստիճանաբար վերականգնելու միակ ուղին այդ է:
Հայկ-Ասլան Յովհաննիսեան, յայտնի ֆիտայի Իսրոյի (Իսրօ Կորիւն) զարմիկն է եւ Մուշի հայ համայնքի ղեկավարներէն մէկը: Ան կը պայքարի Մուշի մէջ հայկական դպրոց-մանկապարտէզ բանալու եւ տեղի հայերուն հայերէն ու հայոց պատմութիւն դասաւանդելու համար: Հայկն ու Արմէնը կը յայտնեն, թէ հայ մնալու գլխաւոր գրաւականը հայերէն ու հայոց պատմութիւն գիտնալն է:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ