By Asbarez | Tuesday, 25 November 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ վար առնուած հայկական ուղղաթիռի անձնակազմի անդամներու ընտանիքներուն ոչ միայն պիտի տրուի միանուագ օգնութիւն, այլ նաեւ թոշակ պիտի ճշդուի: Այս մասին «Նիուզ»ի թղթակիցին յայտնած են պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորական ծառայողներուն ընկերային պաշտպանութեան վարչութենէն:
Միանուագ օգնութիւնը կը կազմէ յուղարկաւորութեան համար նախատեսուած 700 հազար դրամը եւ ապահովագրական գումարը՝ մօտ 900 հազար դրամ: Նախարարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի մինչեւ 15 Դեկտեմբեր թոշակին առնչուող հարցերը լուծուին։
Ուղղաթիռի հրամանատար, 38ամեայ Սերգէյ Սահակեանը երեք որդի ունի, մէկ երեխային տրամադրուող կենսաթոշակը կը կազմէ 90 հազար դրամ, որուն վրայ կ՛աւելնայ նաեւ 30 հազար դրամի չափով պարգեւավճարը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Սահակեանի ընտանիքը ամսական պիտի ստանայ մօտ 300 հազար կենսաթոշակ: Միւս երկու զինուորները ամուսնացած չէին, կ՛ապրէին իրենց ծնողներուն հետ։ այս պարագային նախ պէտք է ճշդուի անոնց ծնողներուն կենսաթոշակային տարիքի ըլլալ–չըլլալու հանգամանքը, արդեօք հաշմանդամութեան կարգ ունին, թէ ոչ: Եթէ այս հանգամանքներէն մէկը առկայ ըլլայ, ապա ընկերային ապահովութեան պետական ծառայութեան տարածքային կառոյցներուն կողմէ պիտի նշանակուի կենսաթոշակ 30 հազարի չափով: Անկախ այդ հանգամանքէն՝ այս զինուորներուն ընտանիքներուն իբրեւ պարգեւավճար պիտի տրամադրուի 30 հազար դրամ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ