By Asbarez | Thursday, 13 October 2011
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը (ՀՖԴ) բողոքարկած է «Եուրօ-2012»ի ընտրական մրցաշարքի վերջին խաղին՝ Իրլանտա-Հայաստան հանդիպման ժամանակ, սպանացի մրցավար Էտուարտօ Իթուրալտէ Կոնզալեսի կայացուցած որոշումը: Այդ մասին «Ֆէյսպուք»ի իր անձնական էջին վրայ յայտնած է ՀՖԴ նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան:
Հոկտեմբեր 11ին, Տուպլինի «Ավիվա» մարզադաշտին վրայ կայացած խաղին ընթացքին, Կոնզալես դաշտէն հեռացուց Հայաստանի հաւաքականի դարպասապահ Ռոման Պերեզովսքին:
Մրցավարին որոշումին հետեւանքով, Հայաստանի հաւաքականը ստիպուած եղաւ այդ վճռական հանդիպումը կայացնել առանց փորձառու դարպասապահի մը եւ տասը ֆութպոլիստով:
Հայ ֆութպոլասէրները հասարակական ցանցերու, տարբեր ֆորումներու եւ լրատուամիջոցներու կայքերու ընդմէջէն կարծիք կը յայտնէին, թէ յանուն արդարութեան՝ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը պարտաւոր է բողոքարկել մրցավարական սխալ որոշումը:
«Ֆէյսպուք» հասարակական ցանցին վրայ նոյնիսկ ստեղծուեցաւ համապատասխան խումբ մը, որուն անդամները պահանջեցին բողոք ներկայացնել «ԵՈւԵՖԱ»ին, մրցավարին թոյլ տուած ճակատագրական սխալին համար: Այս խումբին միացած են աւելի քան հազար ֆութպոլասէրներ՝ Հայաստանէն ու ամբողջ աշխարհէն, ընդդիմադիր եւ իշխանական քաղաքական գործիչներ, լրագրողներ, «պլակըր»ներ ու քաղաքագէտներ:
Միջազգային շատ մը լրատուամիջոցներ նոյնպէս կը նշեն, թէ Իրլանտա-Հայաստան հանդիպման ընթացքին Հայաստանի հաւաքականին համար ճակատագրական էր 26րդ վայրկեանը, երբ սպանացի մրցավար Կոնզալեսը որոշեց, թէ Ռոման Պերեզովսքի տուգանային հրապարակէն դուրս ձեռքով կասեցուցած է Իրլանտայի յարձակող Սայմոն Քոքսի հարուածը:
Իրլանտական ու միջազգային լրատուամիջոցներ եւ մեկնաբաններ առնուազն վիճարկելի կը համարեն մրցավարին որոշումը: «Իրլանտան յաղթեց Հայաստանին 2:1 արդիւնքով, Ճիովանի Տրապաթոնիի խումբը պիտի խաղայ «փլէյ-աֆ»ի ընթացքին, բայց ասիկա աւելի շատ հայերու ողբերգութիւնն էր, քան՝ իրլանտացիներու առաւելութիւնը», Հոկտեմբեր 12ին գրած է Belfast Telegraph-ը:
Մեկնաբան Տենիէլ Մըքտոնալտ, իր կարգին գրելով, որ խաղին մէջ շրջադարձ տեղի ունեցաւ 26րդ վայրկեանին, երբ մրցավարը կարմիր քարտ ցոյց տուաւ ու դաշտէն հեռացուց Հայաստանի հաւաքականի դարպասապահ Ռոման Պերեզովսքին, նշած է. «Իրլանտացիներու յարձակող Քոքս ի՛նք ձեռքով խաղացած էր, ու արդէն էական հարց չէ, թէ անկէ ետք գնդակը Պերեզովսքիի մարմինի ո՛ր մասին դպած էր»:
Fox News-ը գրած է, թէ դրուագին կրկնապատկերը ցոյց կու տայ, որ գնդակը դպած է դարպասապահի կուրծքին: Հեղինակաւոր լրատուամիջոցը նաեւ ընդգծած է, որ Կոնզալեսի սուլիչին ձայնը պէտք է աւելի շուտ հնչէր, քանի որ Քոքս աջ ձեռքով հպած է ստացած գնդակին:
Նաեւ, «Պի.Պի.Սի.»ի փոխանցումով, խաղէն ետք Քոքս խոստովանած է, որ նախքան Ռոման Պերեզովսքիի գնդակին դպչիլը, ինք ձեռքով խաղացած էր: Ան սխալմունք համարած է Հայաստանի դարպասապահին հեռացումը դաշտէն, նշելով, որ չի կարծեր, թէ գնդակը անոր ձեռքին դպած է տուգանային հրապարակի սահմաններէն դուրս:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ