«Մենք կարգապահութեան պակաս ունենք». Ր. Յովհաննէսեան՝ եռեակին մասին

By Asbarez | Monday, 01 December 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– «Ես վստահ եմ, որ Դեկտեմբերի 5ին մենք կ՛ունենանք որակեալ քաղաքացիական հաւաք», յայտարարած է Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեանը՝ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։


Մինչ այդ ան յայտարարած էր, որ հասարակութիւնը կը հրաւիրէ քաղաքացիական ժողովի՝ 5 Դեկտեմբերին Երեւանի մէջ, 6ին՝ Վանաձորի եւ Գիւմրիի:

«Այո՛, մենք կարգապահութեան պակաս ունենք, դա իմ մեղքն է, բայց ես հպարտ եմ մեր գործընկերներով: Շեշտադրումների տարբերութիւններ կան, բայց մեզ մօտ որեւէ տարակարծութիւն չկայ էական հարցերի վերաբերեալ», անդրադառնալով եռեակի գործունէութեան՝ ըսած է Ր. Յովհաննէսեան:

Անոր համաձայն՝ երեք ուժերու համագործակցութենէն դուրս գալու որեւէ խնդիր չկայ. «Հեգնողներին ես պատասխանել եմ, որ սա աննախադէպ համագործակցութիւն է խորհրդարանական մեր պատմութեան ընթացքում»:

 


comments