«Խնդիր Կայ, Լիդէրները Պէտք Է Հանդիպեն». Ռուբէն Յակոբեան

By Asbarez | Monday, 01 December 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 1 Դեկտեմբերին Ազգային ժողովի «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան՝ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ նկատի ունէր Րաֆֆի Յովհաննէսեան, երբ կ՛ըսէր, որ եռեակէն դուրս գալու պարագայ չկայ, բայց, միեւնոյն ժամանակ կը քննադատէր եռեակը՝ ան ըսած է. «Ճիշդ է ասել Րաֆֆի Յովհաննէսեանը, նման խնդիր դրուած չէ, որ «Ժառանգութիւն»ը դուրս գայ եռեակի ձեւաչափից»:

Ան ըսած է, որ տակաւին ամբողջութեամբ ծանօթ չէ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ասուլիսին ընթացքին հնչած ձեւակերպումներուն, քանի որ կը մասնակցէր Ազգային ժողովի նիստերուն։

Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեան անընդհատ կը յիշեցնէ, որ եռեակի իր գործընկերները ցարդ չեն միացած իր կողմէ մշակուած յուշագիրին՝ Ռուբէն Յակոբեան ըսած է. «Եռեակի խորհրդարանական ձեւաչափը բաւական արդիւնաւէտ գործեց՝ ազատ ու անկաշկանդ, եւ բոլոր ձեւակերպումները, որոնք արւում էին եռեակի որեւէ ներկայացուցչի կողմից, ըստ էութեան՝ միասնական տեսակէտ էր: Եւ բնական է, երբ եռեակի ձեւաչափը դուրս եկաւ խորհրդարանական շրջանակներից ու դարձաւ կուսակցական, առաջ եկան որոշակի պրոբլեմներ: Եթէ մինչ այդ ճշդւում էր միասնական ասելիքը, ապա միջկուսակցական ձեւաչափում կուսակցութեան ղեկավարները երբեմն կարող էին յայտարարութիւն անել, որոնք հակասում էին եռեակի խորհրդարանական ձեւաչափի ընդունած խաղականոններին: Եթէ իսկապէս խօսում ենք համաժողովրդական շարժման մասին, ապա դրա առանցքը պէտք է լինի այն, որ երեք ուժերի ղեկավարները առնուազն պէտք է կարողանան ճիշդ համագործակցութեան դաշտ ապահովել: Ցաւօք, մենք դա դեռ չունենք: Այն, որ մինչ այժմ միայն մէկ անգամ է եղել լիդէրների եռակողմ հանդիպում, վկայում է այն մասին, որ կայ պրոբլեմ, որը պէտք է լուծուի: Րաֆֆի Յովհաննէսեանը միշտ է կողմ եղել լիդէրների եռակողմ հանդիպմանը, ինքն էլ է նախաձեռնել, բայց կայ այն խնդիրը, որ լիդէրների եռակողմ հանդիպումը պակասում է»։

Լրագրող մը նշած է, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեան նաեւ կը պահանջէ հրապարակային գործունէութիւն: Ռ. Յակոբեանի համաձայն՝ հրապարակային ըսելով Րաֆֆի Յովհաննէսեան նկատի ունի այն, որ պէտք է փաստաթուղթով ամրագրուի եռեակի միասնական համագործակցութիւնը, ուր քաղաքական ուժերը, իրենց առաջնորդներուն ստորագրութեամբ, պէտք է յստակացնեն իրենց որդեգրելիք ուղին:

«Դա աքսիոմայ է: Դա առայժմ մենք չունենք: Չեմ կարծում, թէ այդ հարցը չի լուծուի, պարզապէս որքան շուտ լուծուի, այնքան լաւ», յայտնած է ան։
«Երկիր»ի թղթակիցը հարցուցած է, որ եթէ եռեակին մաս կազմող կուսակցութիւններու ղեկավարներու մակարդակով հանդիպումը տակաւին երկար ատեն տեղի չունենայ, ի՞նչ կը նախատեսէ «Ժառանգութիւն»ը. Ռուբէն Յակոբեան պատասխանած է. «Իմ տարբերակը կարող եմ ասել, որ եռեակը՝ լիդէրների մակարդակով, պէտք է վերացնի թիւրիմացութիւնները, պէտք է տէր կանգնի շարժմանը, որպէսզի այն ունենայ յաջողութիւն: Պէտք է յաճախակի հանդիպեն, միասնական դարձնեն ձեւակերպումները, որ տարընթերցումների խնդիր չլինի: Եւ եթէ եռեակի լիդէրներից մէկը կարող է դէմ լինել դրան կամ խոչընդոտել, ուրեմն կարելի է դատել, որ տուեալ առաջնորդն այլ խնդիր է լուծում: Որովհետեւ չի կարելի ժողովրդին ներկայանալ որպէս միասնական թիմ, բայց չունենալ միասնական ձեւակերպումներ»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչպէս կը մեկնաբանէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեանի ըսածը՝ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի յայտարարութիւններուն վերաբերեալ, որ եթէ կան հակասութիւններ կամ պայքարի մեթոտներու փոփոխութիւն, ապա ինչո՞ւ «Ժառանգութեան» ներկայացուցիչները այդ մասին չեն խօսիր եռեակի հանդիպումներուն ընթացքին՝ Ռ. Յակոբեան դիտել տուած է. «Միքայէլ Մելքումեանը երեւի ներկայ չի եղել եռեակի հանդիպումներին, որովհետեւ այդ հարցերը մշտապէս բարձրացուել են եռեակի քննարկումների ժամանակ»:



comments